Yerevan, 20.June.2026,
00
:
00
BREAKING


Լիբանանի հայկական կուսակցությունները Ցեղասպանության տարելիցին նվիրված արարողություն են կազմակերպվել

SOCIETY

Բեյրութի Նահատակաց հրապարակում ապրիլի 24-ին տեղի է ունեցել հայ քաղաքական երեք կուսակցությունների կողմից կազմակերպված Հայոց ցեղասպանության ոգեկոչման արարողությունը: Այս մասին հայտնում է Լիբանանում «Արմենպրես»-ի թղթակիցը: Ներկայացնում ենք հոդվածն ամբողջությամբ:  

«Երկուշաբթի, 24 ապրիլին Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին  վրայ   հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու կազմակերպութեամբ  տեղի ունեցաւ  Հայոց Ցեղասպանութեան  ոգեկոչման  կեդրոնական  հանդիսութիւնը:

Ժողովրդային հաւաքին ներկայ էին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, նախարար Նիքոլա Թուէյնի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ, ընկերային հարցերու նախարար Փիեռ Ապու Ասի, կաննց հարցերու պետական նախարար Ժան Օղասապեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, երեսփոխաններ քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներ,  լիբանանեան քաղաքական ուժերու, ինչպէս` Ազգային ազատ հոսանքի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան, Մարատա հոսանքի, Հըզպալլայի, Ամալ շարժումի, Մուսաքպալ հոսանքի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան, Ղովմի կուսակցութեան, Իթթիհատ կուսակցութեան եւ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հայկական կրթական, մշակութային, տնտեսական ու ընկերային կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ հազարաւոր լիբանանահայեր:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մատլեն Վարդանեան:   Արաբերէնով ներկայ հիւրերը ողջունեց եւ օրուան յայտագիրը ներկայացուց Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան:

Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան խօսքը արտասանեց  Լեւոն Բարսեղեան:

Այս առիթով խօսք առին նաեւ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, նախարար Նիքոլա Թուէյնի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ, որոնց խօսքերը կու տանք առանձնաբար:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անունով խօսք առաւ Վիգէն Աւագեան: Ան յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման պայքարը մեր գոյութեան իրաւունքի եւ լինելութեան հարցն է: Իւրաքանչիւր հայ, համեստ բանուորէն մինչեւ քաղաքական-դիւանագիտական բարձր դիրքերու հասած դէմք, իրաւունք չունի տկարանալու իր պահանջատիրութեան մէջ: Հիմնականը համազգային մեր վճռակամութեան ամրապնդումն է` չընկրկելու, զիջումներ չկատարելու եւ միշտ իրաւատիրոջ եւ պահանջատիրոջ դիրքերէն խօսելու:

Աւագեան հաստատեց. «Մենք դատապարտուած ենք յաղթելու եւ աշխարհի չորս ծագերէն ցեղասպանին երեսն ի վեր գոչելու, թէ Ցեղասպանութենէն 102 տարի ետք մենք ներկայ ենք պետութեամբ ու ժողովուրդով: Մենք ներկայ ենք, պահանջատէր ենք ու կը մնա՛նք, այնքան ատեն որ Կարսն ու Արտահանը, Վանն ու Մուշը, Մայր Հայաստանի հողերուն մեծագոյն մասը աշխարհին կը ներկայացուին իբրեւ Թուրքիոյ արեւելեան նահանգներ»:

«Պետական ահաբեկչութեան հոմանիշ Թուրքիա օր-ցերեկով անխնայ պայքար կը շղթայազերծէ քիւրտ ժողովուրդին դէմ, արիւնալի տխուր դերակատարութիւն կ’ունենայ Միջին Արեւելեան խաւարամիտ շարժումներու աջակցութեան մէջ ընդհանրապէս եւ սուրիական տագնապին մէջ յատկապէս: Փաստօրէն, ան ճիգ չի խնայեր տարտղնելու եւ ուժասպառ ընելու շրջանի հայկական երբեմնի շէն ու հզօր գաղութները: «Անգարա ամէնէն բիրտ միջոցներով կ՛ոտնակոխէ Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները եւ ասպարէզ կը կարդայ անոնց, որոնց «նախահայրերը 100 տարի առաջ ծովը նետեց», իր նախագահին իսկ խոստովանութեամբ», յայտնեց Աւագեան:

Աւագեան հաստատեց, որ «ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին դասերը տակաւին չեն մոռցուած եւ բոլորիս կը թելադրեն տեւական ու ամբողջական զօրաշարժ` հայութեան կռիւը բոլոր ճակատներուն վրայ այսուհետեւ աւելի՛ կազմակերպուած, աւելի՛ կատարելագործուած եւ աւելի՛ ուժգին կերպով մղելու համար»:

Իր խօսքին վերջին մասով, Աւագեան ողջունեց լիբանանահայութեան նշանակալից դերն ու նպաստը Հայ դատի տասնամեակներու աշխատանքներուն մէջ եւ իր պատգամը ներկաներուն ուղղելով ըսաւ. «Կասկած չունինք, որ ինչպէս երէկ, նաեւ այսօր եւ վաղը, ուղի պիտի հարթէք խոչընդոտներով լեցուն համազգային մեր պայքարին ու պահանջատիրութեան: Տեղի պիտի չտաք ձեր շուրջը պարագայաբար յայտնուող ընկրկումի եւ պարտուողականութեան տրամադրութիւններուն, ընդհակառակն` պիտի ընդդիմանաք բոլորին, օգտուելով մեր ժողովուրդի կենսունակութեան աղբիւրներէն, անցեալի ու ներկայի ձե՛ր փորձառւթիւններէն: Պիտի պայքարիք նիւթական, բարոյական, ֆիզիքական ձեր բոլոր կարելիութիւններով, ներկայ աշխարհի բոլոր միջոցներով, մինչեւ որ Շիրազի բառերով` «Արարատը մերը լինի ու Արաքսը Հայաստան հոսի»:

 

Ապա խօսք առաւ  ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ  վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Ան ըսաւ, որ 102 տարի ետք Թուրքիոյ վարած ուրացման եւ ժխտողական քաղաքականութիւններէն ետք կը  համախմբուինք բարձրաձայն յայտարարելու, որ կեանքը մահուան կը յաղթէ, արդարութիւնը պարտութեան կը մատնէ կուտակուած անցեալը, ուրացման համաճարակները եւ անտարբեր քաղաքականութեան գործադրումը:

Խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան: Ան  իր խօսքը ուղղելով աշխարհի պետութիւններուն, կառավարութիւններուն ու ժողովուրդներուն յայտնեց, որ հայ ժողովուրդը արդէն ապրած է փորձառութիւնը այն բռնարարքներուն, որոնք կ’արձանագրուին մեր շրջանին մէջ, սակայն հայ ժողովուրդի խմած բաժակը աւելի դառն էր, եւ երբ երկու պարագաները բաղդատենք, կը տեսնենք, որ տարբերութիւնը մեծ է, որովհետեւ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կատարած արարքները քիչ են բաղդատմամբ Թուրքիոյ ղեկավարներուն հայ ժողովուրդին դէմ կատա րածին: Մէկ այլ տարբերութիւնն ալ այն է, որ ահաբեկչական խմբաւորումները կ’ընդունին իրենց գործած յանցագործութիւնը, մինչ 1,5 միլիոն ժողովուրդը սպաննողը կը ժխտէ զայն:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, յայտնեց, թէ Ցեղասպանութեան զոհերը չյիշելը կը նշանակէ դաւաճանութիւն գործել մեր պատմութեան հանդէպ, իսկ յիշելը կը նշանակէ` անոնց ոգեղինացած ներկայութեան մէջ դիտել մեր կեանքը, քննել մեր ազգային հաւատարմութեան հասկացողութիւնը եւ վաղուան պատմութիւնը կերտելու պատասխանատուութեամբ կշռել մեր հայրենասիրութեան որակը: «Անոնց յիշատակը պէտք է ուղղութիւն տայ մեր կեանքին, մեզ առնչէ  մեր ազգային երազներուն ու ձգտումներուն եւ մեր հաւատքը ուղղէ դէպի հայրենիք, որպէսզի մենք կարողանանք վաղուան մեր կեանքը կառուցելու յանձնառութեամբ վարուիլ մեր գոյութեան հետ այստեղ` Լիբանանի մէջ եւ ամէնուրեք», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը:

Գեղարուեստական բաժինով իրենց մասնակցութիւնը բերին հայրենի արուեստագէտ Զարուհի Բաբայեան եւ լիբանանահայ անուանի երաժիշտ եւ յօրինող, դաշնակահար Կի Մանուկեան»:

 

AraratBank: A New Rhythm of Life for Children with Hearing ImpairmentsUcom Is the Technology Partner of the Street Ball Armenia Cup 2026 Idram and Glovo Sign Memorandum of Cooperation in BarcelonaTop Travel Destinations of 2026: IDBank Ucom and Impact Hub Yerevan Continue Supporting the Development of Green Startups in Armenia Moody's Ratings affirms Unibank’s B1 ratings with a stable outlook''Do not trust your eyes’’: IDBank warns about fraud using deepfakes Up to 30% idcoin at pools: Idram&IDBankMoody’s Reaffirms ZCMC’s B2 Credit Rating with Stable Outlook ''Teach For Armenia'' is the June beneficiary of the ''Power of One Dram'' Firebird and the Government of Kazakhstan Sign Strategic Agreements to Advance National AI Infrastructure IDBank issued the 4th and 5th tranches of bonds of 2026 Financial Literacy Training for Young Chess Players: Idram & IDBankWildberries and Unibank in Armenia Launch Installment Purchase ServiceZCMC Joins the United Nations Global Compact Ucom Launches uPlay Cinema: Hundreds of Movies for a Single Monthly Fee From Small Steps to Big Changes: “The Power of One Dram” Turns 6Junius is back — with a new tournament and valuable prizes Ameriabank and FMO Sign EUR 120 Million Agreement to Support MSMEs and Advance Green Finance in Armenia International Children’s Day with EU and “Armenian Virtuosos”There is widespread FEAR [in Armenia] — Ex-Defense Minister Arshak Karapetyan Firebird’s AI Megaproject Enters Final Stage of Phase One Construction0% Commission on Leveraged Share Purchases via the ARARATBANK Trading PlatformCustomer Appreciation Day in Gyumri: IDBankSolis CJSC, managed by Amber Capital and combining a portfolio of solar power plants, issues bonds Ucom General Director Ralph Yirikian Participated in a Panel Discussion at RISE Powered by Silicon Mountains Simple Talks: A Fresh Take on Finance with AraratBank Ameriabank Won in 4 Categories at AMX Awards 2026Idram Becomes a Partner of “Little Mher”Unibank has launched instant transfers by phone number Unisport Crowned Armenian Futsal Premier League ChampionOn May 30, "Unisport" will compete for the title of the Armenian championWith IDBank’s Support, Ian Gillan and Tony Iommi Awards Established at Gyumri Music School No. 6An unforgettable day instead of toys: June 1st guide from Idram&IDBankUnibank Issues Perpetual Bonds with a 13.25% Annual Yield for Shareholders IDBank Presented It’s Vision for Social Responsibility at Impacture 2026Unibank will not increase fixed-adjustable interest rates on loans secured by real estate Ucom General Director Ralph Yirikian Participated in the Impacture 2026 Conference“We are switching you to 5G, type a command”: IDBank warns about a fraud disguised as a “network update”Ucom and staff.am Bring Together Armenia’s Business Leaders at Executive Offsite Vol.1 Ameriabank and ADB Signed a $100 Million Agreement to Expand Micro, Small, and Medium-Sized Enterprise and Green Finance in ArmeniaLove Is… card from Unibank can win a trip to Paris Learn by Playing. A Series of Financial Literacy Games with Idram, IDBank and “Novosti-Armenia”Ucom and the Microsoft Innovation Center Collaborate on Cybersecurity EducationUnisport – Armenian Futsal Cup holderSummer starts with iced coffee, what if it brings bonuses too? Idram&IDBank AraratBank reduces loan interest rates for around 400 reliable SME customersTeam Holding Announces the Launch of the Third and Final Placement Phase of USD Bonds. Underwriter - Freedom Broker Armenia Unibank Launches Biometric Identification in UNIMobile App Unisport reaches the finals of the Futsal Armenian Cup and Premier League