Yerevan, 20.June.2026,
00
:
00
BREAKING


ՀՅԴ-ն Բեյրութում մեծ շուքով նշել է հիմնադրման 126 ամյակը

SOCIETY

ՀՅ դաշնակցությունը հունվարի 27-ին Բեյրութի Էմիլ Լահուտի անվան  համագումարների պալատում նշել է իր հիմնադրման 126 ամյակը: Այս մասին հայտնում է Լիբանանում «Արմենպրես»-ի թղթակիցը: Ներկայացնում ենք հոդվածն ամբողջությամբ:

Ուրբաթ, 27 Յունուար 2017-ին,  Էմիլ Լահուտի անուան  Համագումարներու Պալատին մէջ  Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը  նշեց   իր հիմնադրութեան 126ամեակը: համաժողովրդային սոյն   հանդիսութեան   ներկայ  գտնուեցան լիբանանահայ գաղութի երեք յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ, կուսակցութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր  եւ համակիրներ: 

Բացման խօսքը արտասանեց Արշօ Պալեան:

 Ապա ցուցադրուեցաւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան գործունէութիւնը  խտացնող  տեսաերիզ մը:   Գործադրուեցաւ  օրուան խորհուրդին  պատշաճ գեղարուեստական  յայտագիր:   

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը արտասանեց Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Ան  նշեց, թէ  126 տարեկան Դաշնակցութիւնը  կը մնայ  հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի համար ծնած, գործած, հալածուած, ծառայած ու անհրաժեշտութեան պարագային բովանդակ հայութեան շահերու պաշտպանութեան ի խնդիր իր լաւագոյն ընկերները նահատակութեան բագինին զոհած կուսակցութիւն, որուն նուիրուած ձեռնարկին ժողովրդային հոծ ներկայութիւնը ունի խորքային մեծ արժէք, աղբիւր է հպարտութեան, որովհետեւ կու գայ փաստելու, որ ժողովուրդը հաւատք ոÖ �նի եւ զօրակից է անոր: Յ. Բագրատունի նաեւ աւելցուց, որ այս բոլորը, սակայն, կուսակցութիւնը կը դնեն միշտ արթուն մնալու, ժողովուրդին արդար ակնկալութեանց անսալու պատասխանատուութեան դիմաց: «Որովհետեւ անիկա համայն հայութիւնը ոտքի պահող ողնայարն է, սիրտն ու միտքը եւ հզօր բազուկը», ըսաւ ան:

Յակոբ Բագրատունի շեշտը դրաւ Հայաստանի մէջ ներքին իրավիճակի, շեշտը դնելով  ընկերային արդարութեան, ժողովրդավարութեան ամրացման, հաւասարութեան եւ արդարութեան սկզբունքներով առաջնորդուածութեան, արտագաղթի դադրեցումի, քաղաքացիի իրաւունքներու յարգումի, ազատ շուկայի ժխտական անդրադարձի վերացման անհրաժեշտութեան վրայ՝ յոյս յայտնելով, որ կատարուած սահմանադրական փոփոխութիւնները լրջութեամբ եւ արագօրէն իրենց թարգմանութիւնը կ՛ունենան յուսալի ապագայի մը կերտման վրայ:

Ան խօսեցաւ նաեւ Միջին Արեւելքի   զարգացումներուն   եւ  լիբանանեան քաղաքական կեանքին մասին, ընդգծելով, թէ ՀՅԴ-ն պայքարած է ու պիտի շարունակէ պայքարիլ Լիբանանի հայութեան քաղաքական ինքնուրոյնութեան եւ համայնքի իրաւունքներու ու շահերու պաշտպանութեան ի խնդիր՝ մերժելով լուսանցքայնացնելու ամէն միտում:

Յակոբ ԲԱգրատունի յայտարարեց հիմնադրութիւնը երեք ֆոնտերու՝ «Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտ», որ յանձն կ՛առնէ հայ զոյգերու պսակի բոլոր ծախսերը, իրենց պատկանող ծուխերուն մէջ, արտօնագիր, տոմարի արձանագրութիւն եւ խորհրդակատարութիւն, «Հայ մանուկի ֆոնտ», որ յանձն կ՛առնէ հայկական անունով մկրտուող երեխային մկրտութեան եկեղեցական ծախսերը, «Ընտանիքի բազմացման ֆոնտ», որ յանձն կ՛առնէ հայթայթել հայ ծնողներէ ծնած երրորդ եւ աւելի նորածիններու ծննդեան պարգեւ, նուազագոյնը 2000 տոլար: Ան նաեւ յայտարարեց կազմութիւնը «Հայ ուսանողի ֆոÕ �տ»ին, որ համալսարանական կրթաթոշակի իր մասնակցութիւնը կը բերէ հայկական դպրոցէ շրջանաւարտ ուսանողներու համալսարանական կրթութեան Լիբանանի մէջ գործող համալսարաններու մէջ:

Այնուհետեւ խօսք առաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, որ անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան յառաջիկայ Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն, որոնք ունին համահայկական կարեւորութիւն: Ան նշեց նաեւ, որ ամբողջ տարածաշրջանը վերիվայրումներու մէջ է, եւ միջազգային ազդեցութեան դաշտերու վերաբաժանում տեղի կ՛ունենայ: Այս պայմաններուն մէջ մեծ կ՛ըլլայ հաւանականութիւնը արտաքին միջամտութիւններու, որոնք կրնան աւելի դերակատար դառնալ հայ քաղաքական ուժը օգտագործելով: Ասկէ մեկնելով՝ պէտք չէ ընտրութիւններուն ժամանակ ստեղծենք առիթներ արտաքի ն միջամտութեան համար:

Հրանդ Մարգարեան հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը՝ իբրեւ հայկական իրականութեան մէջ պատասխանատու կազմակերպութիւն, պիտի մասնակցի ընտրութիւններուն ունենալով ելակէտային որոշ պայմաններ: Ան յստակօրէն յայտարարեց, որ Դաշնակցութիւնը վաստակ եւ 126 տարուան կենսագրութիւն ունեցող կուսակցութիւն է, որ ընտրութիւններուն կ՛երթայ, որպէսզի Հայաստանի համար ապահովէ համընդհանուր զարգացման կարելիութիւն, որուն ստեղծման համար անհրաժեշտ են արդարութեան հաստատումը Հայաստանի մէջ, կայունութիւնը եւ միասնակամութիւնը:

Հրանդ Մարգարեան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ Հայաստան շատ աւելի մեծ կարելիութիւն ունի զարգանալու Արցախի հետ միաւորուած: Իսկ պատերազմը կանխելու համար պէտք է պատրաստ ըլլալ պատերազմի: Ան ըսաւ նաեւ, որ ազգ-բանակ հասկացողութիւնը առաջին անգամ ունեցած է միայն Դաշնակցութիւնը: «Մենք պարտաւոր ենք ազգովին կազմակերպուիլ իբրեւ բանակ: Պարտաւոր ենք կազմակերպուիլ այնպէս, որ ամբողջութեամբ թեւ ու թիկունք ըլլանք բանակին: Պատերազմէն խուսափելու համար ազգովին պէտք է դառնանք բանակ, սա է մեր փրկութիւնը. հզօր բանակով Հայաստան կը զարգանայ», ըսաւ ան:

Խօսելով արտագաղթին մասին՝ իբրեւ մտահոգիչ երեւոյթ, Մարգարեան ըսաւ, որ իբրեւ պետութիւն պարտաւոր ենք զօրացրուող երիտասարդներուն կողքին կանգնիլ, իրենց ապահովել արժանավայել աշխատանք եւ օգնել, որ հայ հողին վրայ իրենց կեանքը կազմակերպեն:

Հրանդ Մարգարեան իր խօսքի աւարտին ըսաւ, թէ անհրաժեշտ է ստեղծել կարելիութիւն, որ Սփիւռքը իրական մասնակցութիւն ունենայ Հայաստանի զարգացման գործին մէջ, որովհետեւ Հայաստանին պէտք է առոյգ, կազմակերպուած եւ աշխուժ Սփիւռք: Սփիւռքին հետ միաւորուած Հայաստանի զարգացումը կարելի է իրականացնել:

ՀՅԴ-ի 126ամեակի   հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Մշակ բանուոր»ով»:

AraratBank: A New Rhythm of Life for Children with Hearing ImpairmentsUcom Is the Technology Partner of the Street Ball Armenia Cup 2026 Idram and Glovo Sign Memorandum of Cooperation in BarcelonaTop Travel Destinations of 2026: IDBank Ucom and Impact Hub Yerevan Continue Supporting the Development of Green Startups in Armenia Moody's Ratings affirms Unibank’s B1 ratings with a stable outlook''Do not trust your eyes’’: IDBank warns about fraud using deepfakes Up to 30% idcoin at pools: Idram&IDBankMoody’s Reaffirms ZCMC’s B2 Credit Rating with Stable Outlook ''Teach For Armenia'' is the June beneficiary of the ''Power of One Dram'' Firebird and the Government of Kazakhstan Sign Strategic Agreements to Advance National AI Infrastructure IDBank issued the 4th and 5th tranches of bonds of 2026 Financial Literacy Training for Young Chess Players: Idram & IDBankWildberries and Unibank in Armenia Launch Installment Purchase ServiceZCMC Joins the United Nations Global Compact Ucom Launches uPlay Cinema: Hundreds of Movies for a Single Monthly Fee From Small Steps to Big Changes: “The Power of One Dram” Turns 6Junius is back — with a new tournament and valuable prizes Ameriabank and FMO Sign EUR 120 Million Agreement to Support MSMEs and Advance Green Finance in Armenia International Children’s Day with EU and “Armenian Virtuosos”There is widespread FEAR [in Armenia] — Ex-Defense Minister Arshak Karapetyan Firebird’s AI Megaproject Enters Final Stage of Phase One Construction0% Commission on Leveraged Share Purchases via the ARARATBANK Trading PlatformCustomer Appreciation Day in Gyumri: IDBankSolis CJSC, managed by Amber Capital and combining a portfolio of solar power plants, issues bonds Ucom General Director Ralph Yirikian Participated in a Panel Discussion at RISE Powered by Silicon Mountains Simple Talks: A Fresh Take on Finance with AraratBank Ameriabank Won in 4 Categories at AMX Awards 2026Idram Becomes a Partner of “Little Mher”Unibank has launched instant transfers by phone number Unisport Crowned Armenian Futsal Premier League ChampionOn May 30, "Unisport" will compete for the title of the Armenian championWith IDBank’s Support, Ian Gillan and Tony Iommi Awards Established at Gyumri Music School No. 6An unforgettable day instead of toys: June 1st guide from Idram&IDBankUnibank Issues Perpetual Bonds with a 13.25% Annual Yield for Shareholders IDBank Presented It’s Vision for Social Responsibility at Impacture 2026Unibank will not increase fixed-adjustable interest rates on loans secured by real estate Ucom General Director Ralph Yirikian Participated in the Impacture 2026 Conference“We are switching you to 5G, type a command”: IDBank warns about a fraud disguised as a “network update”Ucom and staff.am Bring Together Armenia’s Business Leaders at Executive Offsite Vol.1 Ameriabank and ADB Signed a $100 Million Agreement to Expand Micro, Small, and Medium-Sized Enterprise and Green Finance in ArmeniaLove Is… card from Unibank can win a trip to Paris Learn by Playing. A Series of Financial Literacy Games with Idram, IDBank and “Novosti-Armenia”Ucom and the Microsoft Innovation Center Collaborate on Cybersecurity EducationUnisport – Armenian Futsal Cup holderSummer starts with iced coffee, what if it brings bonuses too? Idram&IDBank AraratBank reduces loan interest rates for around 400 reliable SME customersTeam Holding Announces the Launch of the Third and Final Placement Phase of USD Bonds. Underwriter - Freedom Broker Armenia Unibank Launches Biometric Identification in UNIMobile App Unisport reaches the finals of the Futsal Armenian Cup and Premier League