ՀՅԴ-ն Բեյրութում մեծ շուքով նշել է հիմնադրման 126 ամյակը
ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹՅՈՒՆՀՅ դաշնակցությունը հունվարի 27-ին Բեյրութի Էմիլ Լահուտի անվան համագումարների պալատում նշել է իր հիմնադրման 126 ամյակը: Այս մասին հայտնում է Լիբանանում «Արմենպրես»-ի թղթակիցը: Ներկայացնում ենք հոդվածն ամբողջությամբ:
Ուրբաթ, 27 Յունուար 2017-ին, Էմիլ Լահուտի անուան Համագումարներու Պալատին մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը նշեց իր հիմնադրութեան 126ամեակը: համաժողովրդային սոյն հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան լիբանանահայ գաղութի երեք յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ, կուսակցութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ համակիրներ:
Բացման խօսքը արտասանեց Արշօ Պալեան:
Ապա ցուցադրուեցաւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան գործունէութիւնը խտացնող տեսաերիզ մը: Գործադրուեցաւ օրուան խորհուրդին պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը արտասանեց Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Ան նշեց, թէ 126 տարեկան Դաշնակցութիւնը կը մնայ հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի համար ծնած, գործած, հալածուած, ծառայած ու անհրաժեշտութեան պարագային բովանդակ հայութեան շահերու պաշտպանութեան ի խնդիր իր լաւագոյն ընկերները նահատակութեան բագինին զոհած կուսակցութիւն, որուն նուիրուած ձեռնարկին ժողովրդային հոծ ներկայութիւնը ունի խորքային մեծ արժէք, աղբիւր է հպարտութեան, որովհետեւ կու գայ փաստելու, որ ժողովուրդը հաւատք ոÖ �նի եւ զօրակից է անոր: Յ. Բագրատունի նաեւ աւելցուց, որ այս բոլորը, սակայն, կուսակցութիւնը կը դնեն միշտ արթուն մնալու, ժողովուրդին արդար ակնկալութեանց անսալու պատասխանատուութեան դիմաց: «Որովհետեւ անիկա համայն հայութիւնը ոտքի պահող ողնայարն է, սիրտն ու միտքը եւ հզօր բազուկը», ըսաւ ան:
Յակոբ Բագրատունի շեշտը դրաւ Հայաստանի մէջ ներքին իրավիճակի, շեշտը դնելով ընկերային արդարութեան, ժողովրդավարութեան ամրացման, հաւասարութեան եւ արդարութեան սկզբունքներով առաջնորդուածութեան, արտագաղթի դադրեցումի, քաղաքացիի իրաւունքներու յարգումի, ազատ շուկայի ժխտական անդրադարձի վերացման անհրաժեշտութեան վրայ՝ յոյս յայտնելով, որ կատարուած սահմանադրական փոփոխութիւնները լրջութեամբ եւ արագօրէն իրենց թարգմանութիւնը կ՛ունենան յուսալի ապագայի մը կերտման վրայ:
Ան խօսեցաւ նաեւ Միջին Արեւելքի զարգացումներուն եւ լիբանանեան քաղաքական կեանքին մասին, ընդգծելով, թէ ՀՅԴ-ն պայքարած է ու պիտի շարունակէ պայքարիլ Լիբանանի հայութեան քաղաքական ինքնուրոյնութեան եւ համայնքի իրաւունքներու ու շահերու պաշտպանութեան ի խնդիր՝ մերժելով լուսանցքայնացնելու ամէն միտում:
Յակոբ ԲԱգրատունի յայտարարեց հիմնադրութիւնը երեք ֆոնտերու՝ «Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտ», որ յանձն կ՛առնէ հայ զոյգերու պսակի բոլոր ծախսերը, իրենց պատկանող ծուխերուն մէջ, արտօնագիր, տոմարի արձանագրութիւն եւ խորհրդակատարութիւն, «Հայ մանուկի ֆոնտ», որ յանձն կ՛առնէ հայկական անունով մկրտուող երեխային մկրտութեան եկեղեցական ծախսերը, «Ընտանիքի բազմացման ֆոնտ», որ յանձն կ՛առնէ հայթայթել հայ ծնողներէ ծնած երրորդ եւ աւելի նորածիններու ծննդեան պարգեւ, նուազագոյնը 2000 տոլար: Ան նաեւ յայտարարեց կազմութիւնը «Հայ ուսանողի ֆոÕ �տ»ին, որ համալսարանական կրթաթոշակի իր մասնակցութիւնը կը բերէ հայկական դպրոցէ շրջանաւարտ ուսանողներու համալսարանական կրթութեան Լիբանանի մէջ գործող համալսարաններու մէջ:
Այնուհետեւ խօսք առաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, որ անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան յառաջիկայ Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն, որոնք ունին համահայկական կարեւորութիւն: Ան նշեց նաեւ, որ ամբողջ տարածաշրջանը վերիվայրումներու մէջ է, եւ միջազգային ազդեցութեան դաշտերու վերաբաժանում տեղի կ՛ունենայ: Այս պայմաններուն մէջ մեծ կ՛ըլլայ հաւանականութիւնը արտաքին միջամտութիւններու, որոնք կրնան աւելի դերակատար դառնալ հայ քաղաքական ուժը օգտագործելով: Ասկէ մեկնելով՝ պէտք չէ ընտրութիւններուն ժամանակ ստեղծենք առիթներ արտաքի ն միջամտութեան համար:
Հրանդ Մարգարեան հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը՝ իբրեւ հայկական իրականութեան մէջ պատասխանատու կազմակերպութիւն, պիտի մասնակցի ընտրութիւններուն ունենալով ելակէտային որոշ պայմաններ: Ան յստակօրէն յայտարարեց, որ Դաշնակցութիւնը վաստակ եւ 126 տարուան կենսագրութիւն ունեցող կուսակցութիւն է, որ ընտրութիւններուն կ՛երթայ, որպէսզի Հայաստանի համար ապահովէ համընդհանուր զարգացման կարելիութիւն, որուն ստեղծման համար անհրաժեշտ են արդարութեան հաստատումը Հայաստանի մէջ, կայունութիւնը եւ միասնակամութիւնը:
Հրանդ Մարգարեան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ Հայաստան շատ աւելի մեծ կարելիութիւն ունի զարգանալու Արցախի հետ միաւորուած: Իսկ պատերազմը կանխելու համար պէտք է պատրաստ ըլլալ պատերազմի: Ան ըսաւ նաեւ, որ ազգ-բանակ հասկացողութիւնը առաջին անգամ ունեցած է միայն Դաշնակցութիւնը: «Մենք պարտաւոր ենք ազգովին կազմակերպուիլ իբրեւ բանակ: Պարտաւոր ենք կազմակերպուիլ այնպէս, որ ամբողջութեամբ թեւ ու թիկունք ըլլանք բանակին: Պատերազմէն խուսափելու համար ազգովին պէտք է դառնանք բանակ, սա է մեր փրկութիւնը. հզօր բանակով Հայաստան կը զարգանայ», ըսաւ ան:
Խօսելով արտագաղթին մասին՝ իբրեւ մտահոգիչ երեւոյթ, Մարգարեան ըսաւ, որ իբրեւ պետութիւն պարտաւոր ենք զօրացրուող երիտասարդներուն կողքին կանգնիլ, իրենց ապահովել արժանավայել աշխատանք եւ օգնել, որ հայ հողին վրայ իրենց կեանքը կազմակերպեն:
Հրանդ Մարգարեան իր խօսքի աւարտին ըսաւ, թէ անհրաժեշտ է ստեղծել կարելիութիւն, որ Սփիւռքը իրական մասնակցութիւն ունենայ Հայաստանի զարգացման գործին մէջ, որովհետեւ Հայաստանին պէտք է առոյգ, կազմակերպուած եւ աշխուժ Սփիւռք: Սփիւռքին հետ միաւորուած Հայաստանի զարգացումը կարելի է իրականացնել:
ՀՅԴ-ի 126ամեակի հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Մշակ բանուոր»ով»:



