Քրիստոսին նկատեք ձեր կյանքի ճանապարհին աշխարհի բոլոր ճանապարհների միջից․ Արամ Ա Վեհափառ
ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹՅՈՒՆՍեղմեք ԱՅՍՏԵՂ, լրացրեք օնլայն հայտը և մոռացեք հոսանքի վարձի մասին
Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը պատգամ է հղել Նյու Յորքի Սուրբ Սարգիս եկեղեցում․
«Կիրակի, 12 Նոյեմբեր 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս նախագահեց ու պատգամ յղեց Նիւ Եորքի Տակլըսթըն շրջանի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։ Սուրբ Պատարագը մատուցեց Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան։ Սուրբ Պատարագին մասնակցեցան միաբան ու հոգեւոր հայրեր, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներ:
Հայրապետական պատգամէն առաջ ողջոյնի խօսք առաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան։ Ան բարի գալուստ մաղթեց Հայրապետին եւ իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնելով՝ այցելութիւնը որակեց իբրեւ պատմական, որովհետեւ Հայրապետին գահակալութեան 30-ամեակի նշման ծիրէն ներս եկեղեցւոյ զաւակները համախմբուած են անոր շուրջ, ըսաւ ան։ Ապա, հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը՝ հայրապետական պատգամը ուղղելու։
Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին նիւթ ընտրած էր Քրիստոսի հետեւելու հրամայականը: Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Քրիստոս Իր երկրաւոր առաքելութեան կարեւոր մէկ հանգրուանին ըսաւ. «Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ ետեւէս գայ» (Մտ 8.34)։
Քրիստոս իր առաքելութեան սկիզբը նման պատգամ մը չուղղեց իր աշակերտներուն։ Արդարեւ, Իր ուսուցումներուն, պատգամներուն ու հրաշքներուն ճամբով Քրիստոս պարզած էր Իր առաքելութեան նպատակը։ Աստուածորդին մարդացած էր մեղքի տիղմին մէջ մխրճուած մարդուն փրկութեան համար։ Իր ուսուցումներուն ճամբով Քրիստոս ցոյց տուած էր դէպի փրկութիւն տանող ճամբան։ Ան ըսած էր՝ «Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» (Յհ 14.6)։ Ահա այս բոլորէն ետք, Քրիստոս կոչ կ’ուղղէր իր աշակերտներուն, թէ ով որ Իր ըսածներուն հաւատայ՝ իր անձը թող ուրանայ, խաչը առնէ ու Իր ետեւէն երթայ։ Ահա՛ Քրիստոսի պատգամը ուղղուած աշակերտներուն, նաեւ այսօր՝ եկեղեցւոյ ճամբով՝ բոլոր քրիստոնեաներուն»։
Ապա, իր պատգամը անգլերէն լեզուով ամփոփելով՝ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ.
«“If anyone believes me, he must deny himself and take up his cross and follow me.” This is what Jesus Christ said at a critical point of His earthly ministry. Through teachings, parables, and miracles, Jesus Christ exposed to his followers who he was and the purpose of his ministry. And then He said Whoever believes in me should follow me. What does it mean to follow Jesus Christ?
c) To live Christ as the center of our life.
Հետևեք մեզ՝ այստեղ



