Լիբանանի նախագահն Անկախության օրվա առթիվ ուղերձ է հղել լիբանանցիներին
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆԼիբանանի նախագահ Միշել Աունը երկրի Անկախության 73-րդ տարեդարձի կապակցությամբ ուղերձ է հղել լիբանանցիներին: Այս մասին տեղեկացնում է Լիբանանում «Արմենպրես»-ի թղթակիցը: Ներկայացնում ենք հոդվածն ամբողջությամբ:
«Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին Լիբանանի անկախութեան 73-ամեակին առիթով լիբանանցիներուն ուղղեց իր պատգամը, որուն մէջ նշեց, որ տարիներէ ի վեր Լիբանան կ՛ապրի պատերազմական վիճակով յատկանշուած շրջանի մը մէջ: Այդ տագնապները սկսած էին վարչակարգերու բարեկարգումի կարգախօսներ արծարծող պահանջատիրական շարժումներով, որոնք աւելի ուշ վերածուեցան բռնարարքներու, եւ ապա` զինեալ բախումներու, որոնք արտաքին ուժերուն առիթ տուին վերահսկողութեան ենթարկելու արաբ ժողովուրդներուն ճակատագիրը:
Այս վտանգներուն պատճառով Լիբանանի մէջ արձանագրուեցան սուր կեցուածքներ, որոնք իրենց ժխտական ազդեցութիւնը ունեցան երկրին վրայ` սպառնալով անոր ազգային միասնականութեան:
«Վաղը մենք պիտի տօնենք Լիբանանի անկախութեան 73-ամեակը, որ պիտի ունենայ իր իւրայատուկ համը` նկատի ունենալով, որ եթէ անկախութիւնը ժողովուրդին տօնը եւ գերիշխանութեան փառատօնը չըլլայ, ապա ան ցաւալի յիշատակի մը կը վերածուի», ըսաւ ան` կոչ ուղղելով անկախութիւնը նշելու կամքը բարձր պահելու եւ արգիլելու զայն յիշատակի վերածելը:
Նախագահ Աուն ընդգծեց ազգային միասնականութեան ամրապնդումը իբրեւ անհրաժեշտութիւն եւ առաջնահերթութիւն, որովհետեւ անիկա կ՛ամրապնդէ Լիբանանը եւ զայն հեռու կը պահէ զինք շրջափակող իրադարձութիւններէն, եւ ատիկա բոլորին պատասխանատուութիւնն է:
«Սիրելի՛ լիբանանցիներ, դուք մտահոգ էիք ձեր ապահովական կայունութեամբ` նկատի ունենալով արտաքին միջամտութիւնները, որոնք կ՛ընդդիմանային ազգային որոշումներուն: Մենք ստիպուած ենք ամրապնդելու անկախութիւնը` արտաքին ուժերուն դիմելու քայլերուն վերջ տալով, որովհետեւ արտաքին ուժերուն դիմելու միակ նպատակը անձնական շահերուն ապահովումն է», ըսաւ նախագահ Աուն:
Ան հաստատեց, որ անկախութիւնը տօնակատարութիւն չէ, այլ` սրտի զարկ, ժողովուրդի մը պատկանելիութիւնը, ինչպէս նաեւ հող, որ իր քաղաքացիներուն շնորհած է ինքնութիւն: «Ինքնութիւն մը, որ պէտք է պահպանել եւ ոչ թէ անոր հետ վարուիլ իբրեւ ինչք, որ կրնայ վաճառքի ենթակայ ըլլալ: Ձեր հողը ձեր ինքնութիւնն է, հետեւաբար տէր կանգնեցէ՛ք անոր», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ տկարացած սահմանադրական ու պետական հաստատութիւնները կարելի է վերականգնել աշխատանքի նոր մեթոտներով եւ միջոցներով ու միշտ փտածութեան դէմ պայքարելով:
Նախագահ Աուն ընդգծեց պարկեշտութեան անհրաժեշտութիւնը` դիտել տալով, որ փտածութիւնը մարդկային նկարագիր մըն է, որուն կարելի է դիմադրել կրթութեամբ եւ օրէնքով:
Նախագահ Աուն շեշտեց նաեւ սահմանամերձ շրջաններուն, յատկապէս գիւղերուն մէջ բարգաւաճման ծրագիրներ գործադրելու անհրաժեշտութիւնը` հաստատելով, որ երկիրը միայն իր քաղաքներով եւ արուարձաններով չի գոյատեւեր, այլեւ բոլոր շրջաններուն ամբողջութեամբ: «Հետեւաբար անհրաժեշտ է հաւասարակշռուած բարգաւաճում ապահովել», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակը, որ ազգային միասնականութիւնը բարձր պահեց եւ կատարեալ նուիրումով պահպանեց երկրին ապահովական կայունութիւնը: Ան հաստատեց, որ բանակը կը մնայ ազգային գոյակցութեան հիմքը եւ իր ամբողջ կարողութեամբ կը պայքարի ապահովելու համար լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը:
Ան կոչ ուղղեց այս իշխանութեան վրայ յոյսեր ունեցող լիբանանցի ժողովուրդին անխոնջ աշխատանք տանելու` դիտել տալով, որ երկիրը կերտելու աշխատանքը բոլորին ներդրումին կարիքը ունի»:
			
			
			
			
			
				
			
			
			


