Արամ Ա Վեհափառը քննարկել է Լիբանանի առաջ ծառացած մարտահրավերները
ПОЛИТИКАՍեղմեք ԱՅՍՏԵՂ, լրացրեք օնլայն հայտը և մոռացեք հոսանքի վարձի մասին
Ընկերվար առաջադիմական կուսակցության պատվիրակությունը այցելել է Արամ Ա Վեափառին․
«Այս առաւօտ՝ Երեքշաբթի, 7 Ապրիլ 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան քաղաքական գրասենեակի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ Ուալիտ Ճոնպլաթի զաւակին՝ Թէյմուր Ճոնպլաթի, որ միաժամանակ յիշեալ կուսակցութեան նախագահն է: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Աքրամ Շիայէպ ու Ուաէլ Ապու Ֆաուր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի խորհրդարանի հայկական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի:
Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր գիծերով արծարծելու Լիբանանը դիմագրաւող ներքին թէ՛ արտաքին դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները: Նորին Սրբութիւնը իր տեսակէտը պարզեց ներկայ կացութեան գծով՝ շեշտլով Լիբանանի ներքին միութիւնը ամուր պահելու առաջնահերթ կարեւորութիւնը: Յ. Բագրատունի, իր կարգին, անդրադարձաւ քաղաքական երկխօսութիւններու ճամբով համայնքներն ու կուսակցութիւնները միացնող հասարակաց գետինը ամրապնդելու հրամայականը:
Թ. Ճոնպլաթ Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց իր հօր՝ Ուալիտ Ճոնպլաթի ողջոյնները եւ միաժամանակ յայտնեց, թէ ինք ամբողջութեամբ կը բաժնէ Նորին Սուրբ Օծութեան պարզած մտահոգութիւններն ու տեսակէտները՝ ընդգծելով երկիրը հեռու պահելու նոր վտանգներէ ու լիբանանեան բանակին շուրջ համախմբուելու անհրաժեշտութիւնը, իբրեւ երաշխիք Լիբանանի անկախութեան ու ապահովութեան: Վերոնշեալ տեսակէտերու շուրջ նաեւ տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում ներկաներուն կողմէ:
Յայտնենք, որ նոյն օրը Լիբանանի բանակը ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այցելեց Վեհափառ Հայրապետին»։
Հետևեք մեզ՝ այստեղ



