Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը ժամանել է Նյու Յորք, հանդիպումներ կլինեն հոգևոր դասի հետ
ОБЩЕСТВОՍեղմեք ԱՅՍՏԵՂ, լրացրեք օնլայն հայտը և մոռացեք հոսանքի վարձի մասին
Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը ժամանել է Նյու Յորք․
«Գանատայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան հայոց թեմերուն կատարած հովուապետական այցելութենէն ետք, որպէս վերջին հանգրուան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Երեքշաբթի, 11 Նոյեմբեր 2025-ին, Սան Ֆրանսիսքոյէն ժամանեց Նիւ Եորք։
Նորին Սրբութիւնը իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ տարի մը ետք դարձեալ կ՚այցելէ Արեւելեան Հայոց Թեմ։ Բնականաբար, այս առիթով, եկեղեցական արարողութեանց շարքին,Հայրապետը նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ ազգային վարչութեան, հոգեւոր դասուն ու երիտասարդութեան հետ, ինչպէս նաեւ պիտի նախագահէ իր հայրապետական գահակալութեան 30-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւններուն։ Նորին Սուրբ Օծութեան հովուապետական այցելութիւնները պիտի ընդգրկեն Նիւ Եորքի ու Նիւ Ճըրզիի շրջանները միայն։
Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, Գերշ. Տ. Թորգոմ Արք. Տօնոյեան, Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան, Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան, Կաթողիկոսարանի քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան պատասխանատու ու գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան»։
Հետևեք մեզ՝ այստեղ



