Yerevan, 06.October.2026,
00
:
00
BREAKING


Լույս է տեսել Արամ Վեհափառի գիրքը

CULTURE

Սեղմեք ԱՅՍՏԵՂ, լրացրեք օնլայն հայտը և մոռացեք հոսանքի վարձի մասին 

Լույս է տեսել Արամ Վեհափառի գիրքը, հայտնում են Մեծկի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսությունից․

«Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան հոլովոյթը ուսումնասիրած ատեն կը հանդիպինք դէմքերու, որոնց հեղինակաւոր ներկայութիւնն ու դերակատարութիւնը դարաշրջանը կը լեցնեն եւ նոյնիսկ անդին կ’անցնին: Անզուգական առաքեալներէն մինչեւ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, Ներսէս մեծ ու Սահակ պարթեւ հայրապետներէն եւ հայ գիրի անկրկնել ճարտարապետ՝ Մեսրոպ Մաշտոցէն մինչեւ Յովհան իմաստասէր Օձնեցի եւ Շնորհալի Ներսէս կաթողիկոսներ, Խրիմեան Հայրիկ ու Խապայեան Սահակ վեհափառներէն մինչեւ մեր օրերուն ապրող ու գործող Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոս, անոնք ձեւակերպեցին մեր հաւաքական ինքնութիւնը եւ մարմնաւորեցին մեր իղձերը, երազներն ու իտէալները: Դարերու վկայագրութիւնները՝ վարք, ներբող կամ կենսագրութիւն, անկասկած արդար հպարտութիւն կը պատճառեն մեզի եւ կը հարստացնեն մեր միտքերը, մատենադարանները կամ գրադարանները:

Ա՛յս գիտակցութեամբ եւ ըմբռնումով կը նայինք մեր պատմութեան, եւ ուրախութիւնը ունինք մեր ժողովուրդին ներկայացնել ծննդոցը նոր հրատարակութեան մը՝ «Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Տարեգրութիւն եւ Կենսամատենագիտութիւն, Հատոր Ա., (1947-1995)», որ մէկ կողմէ ձօնուած է Արամ Վեհափառի հայրապետական 30-ամեայ առաքելութեան, միւս կողմէ, աղբիւրագիտական հսկայ հիմքի վրայ, կը նախապատրաստէ հայ եկեղեցւոյ Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին վերջին 50 տարիներու համազգային առաքելութեան պատմութեան մշակումին:

Վեհափառ Հայրապետին 30-ամեակին ընդառաջ, տարբեր մտածումներու եւ բազում ծրագիրներու շրջագիծին մէջ, 2024-ին՝ Օգոստոս ամսու սկիզբը, Պիքֆայա, Սուրբ Աստուածածին Վանքի հայրապետական հովոցին մէջ Ն.Ս. Օծութեան հանդիպեցայ եւ ներկայացուցի սոյն աշխատասիրութեան պատկերացումը, նպատակը եւ իրագործման միջոցները: Վեհափառը, իրեն յատուկ ոճով եւ փորձառութեամբ, առաջարկեց քանի մը օր խորհիլ եւ իր ցուցմունքները տալ, ինչ որ ալ կատարուեցաւ եւ անցանք աշխատանքի: Երեւանի մէջ, տարբեր անձնաւորութեանց կենսամատենագիտութիւններ պատրաստուած են, հետեւաբար, հոն պէտք էր գտնել մասնագէտը: Օգոստոս ամսու վերջը հանդիպեցայ Ազգային Ակադեմիայի Հիմնարար Գրադարանի նորանշանակ տնօրէն Մայա Գրիգորեանին, որ նման աշխատանքի փորձ ունէր՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի 20 ամեակին պատրաստուած հատորով: Քննարկումներ, պատկերացումներ, աշխատակիցներ, ժամանակամիջոց, մէկ խօսքով նախապատրաստական աշխատանքները աւարտեցինք նոյն տարուան Հոկտեմբեր ամսուն: Բնականաբար տարիներու, նիւթի անհաւատալի հսկայածաւալութեան, սփիւռքեան ողջ մամուլը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մամուլի էջերը աստիճանաբար կը յորդէին Արամ Վեհափառի մասին տարաբնոյթ գրութիւններով:

Վեհափառը յաճախակի կերպով ո՛չ միայն իրազեկուեցաւ, այլ էական խնդիրներուն տուաւ համապատասխան լուծումներ: Աշխատանքային մեր խումբը երկու տեսակ էր: Հիմնական դերակատարներ. պատասխանատու խմբագիր՝ Շահան արք. Սարգիսեան («Կիլիկիա» Մատենադարան, Անթիլիաս), մատենագիտական խմբագիր՝ Մայա Գրիգորեան, կազմողներ՝ Գոհար Սարգսեան եւ Անուշ Մակարեան (Հիմնարար Գրադարան, Երեւան), Սօսի Սագայեան («Կիլիկիա» Մատենադարան, Անթիլիաս): Աջակցող կամ օժանդակող անձեր, հայ մամուլի կեդրոններ եւ հաստատութիւններ (Լիբանան եւ Պոլսոյ պատրիարքութիւն): Հաւաքական աշխատանքով արձանագրուած նիւթերը եւ տարիներու վրայ երկարաձգուող կեանքի մը պատմութիւնը, պարտաւորեցնող տրամաբանութեամբ, ծրագիրը վերջնական կերպով բաժնեցին երեք հատորներու, պարփակուած չորս գիրքերու մէջ: Ա. հատորը 1947-էն 1995: Բ. հատորի առաջին գիրքը՝ 30-ամեայ գահակալութեան առաջին 15 տարիները (1995-2010): Բ. հատորի երկրորդ գիրքը՝ գահակալութեան յաջորդ 15 տարիները (2011-2025): Վերջապէս՝ Գ. հատորը, ուր ընդգրկուած պիտի ըլլան օտարալեզու նիւթերը: Այս կոթողական հատորներու առաջինին հրատարակութեան մեկենասութիւնը ազնուօրէն ստանձնեց տիկին Սրբուհի Մսրլեան, իր սիրեցեալ ծնողաց՝ Նահապետի եւ Կիւլիզարի անթառամ յիշատակին: Յաջորդող հատորները մշակման ընթացքին մէջ են: Նախատեսուած է, որ Բ. հատորի Ա. եւ Բ. գիրքերը լոյս ընծայուին ներկայ տարուան մինչեւ Դեկտեմբեր ամիսը: Վերջին հատորը՝ 2027-ի ընթացքին: Գեղատիպ ու բարձրորակ հրատարակութիւնը կատարուած է Երեւան, «Զանգակ» հրատարակչատան մէջ:

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Կենսամատենագիտութիւնը Վեհափառ Հօր տնօրինումով պիտի նուիրուին հոգեւոր-ազգային պաշտնօանական անձնաւորութեանց, աշխարհասփիւռ հայկական կեդրոններուն եւ յատկապէս գրադարաններուն, որպէս հանդիսադրում անսակարկ նուիրումին ու ծառայութեան անզուգական Հայրապետին եւ ի վայելումն հայ եկեղեցւոյ, հայ պատմութեան եւ Կիլիկեան Սուրբ Աթոռի պատմական երթը ուսումնասիրող մտաւորականութեան:

Այս առթիւ, նախ կը շնորհաւորենք Վեհափառ Հայրապետը աւելի քան յիսնամեայ փայլուն առաքելութեան համար, մաղթելով արեւշատ բազում տարիներ: Ապա՝ գիրքի պատրաստութեան ու հրատարակութեան նպաստող բոլոր սպասաւորները:

Գիրքի խորքին մօտէն ծանօթ դարձնելու նպատակով կը կցենք բովանդակութեան համառօտ ցանկը:

ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

(«Կիլիկիա» Մատենադարանի տնօրէն)»։

Հետևեք մեզ՝ այստեղ

Ucom Becomes an Official Partner of the Armenia-UK Business Forum 2026Ucom Sales and Service Center at 20/52 Erebuni Reopens After Renovation Unibank Joins the Armenian Solar Energy AssociationThe Widely Discussed Dvin Crown Project. A New Visibility Platform for Brands Has Emerged in the Heart of YerevanAmeriabank named Most Innovative Digital Bank in Armenia, alongside 9 Global Finance Digital Banking AwardsUnibank and Picsart Academy Host Kids Day for ChildrenUnibank Issues AMD and USD Bonds with Annual Coupon Rates of 10.3% and 6%Artur Hovhannisyan and the Ambassador of Bulgaria to Armenia discussed a number of programs of mutual interest to Armenia and Bulgaria A new and fantastic story was born in the heart of Yerevan—the spirit of the old city at Hayasa Hotel Old YerevanConverse Bank is Lead Sponsor of the BACEE International Banking Conference Ralph Yirikian on the Cost of Digital Transformation at the 13th Regional HR Conference You Can Now Pay with Idram on Glovo: The Long-Awaited Partnership Is Now a RealityRate.Trading: Currency Exchange on a New Digital PlatformIdram's "City of Good Deeds": From Teamwork to Real Charitable Projects Ucom and FAST Bring Together Artificial Intelligence and Green Innovation From Car Selection to Purchase – All in One Place: Ameriabank to Present its Myar.am Platform and Special Offers at Armenian Auto Show IDBank and the “Dekavva Fund” Stand with People from Artsakh Ucom Supports AI-Powered Camera Installation for Nature Conservation Dmitry Ishkhanov Opens the New Steinway’s Concert Life in Pardubice Ucom Fellowship Participants Meet Ralph Yirikian at UcomUnibank Becomes Title Sponsor of Alashkert Football ClubSergey Smbatyan’s Music for Future Foundation and the Lang Lang International Music Foundation Invite Young Pianists to Apply for the Prestigious Lang Lang Young Scholars ProgramUnibank Call Center Now Available 24/7 on Weekdays Ralph Yirikian Discusses the Challenges of Modern Leadership with Leadership School ParticipantsUnibank Becomes Lead Sponsor of AGBU’s Global Run in Support of Camp NairiUnibank’s Renamed “Tumanyan” Branch Opens at a New LocationUcom Continues Large-Scale Network Modernization, Expanding 5G Coverage and Enhancing Connectivity EBRD’s AMD-denominated bonds listed on AMX; Converse Bank acted as underwriterBecome a Unibank shareholder and acquire perpetual bonds with a 13.25% yieldThe Unprecedented Educational Summer of the 'Armenian Virtuosos'All Armflix Content Is Once Again Available on UplayHayk Melikyan Opens the 5th Festival of Armenian Culture in KatowiceHarutyun Harutyunyan: “The Government Has No Intention of Applying for EU Membership and Adopted the Law to Prevent a Referendum”Ucom Supports Coca-Cola Fest 2026 “Orran” Students Start the New Academic Year with Support from “The Power of One Dram”It is with deep awareness of the seriousness of this supposition as well as concern that we pose the question of the above headline“Armenian Virtuosos” Scholarship Recipients Take the Stage at the 4th International Festival of Youth Orchestras of the WorldUnibank Launches a New Promotion "U-Teenager": Grand Prize — a Summer Course at One of the Top Universities AbroadSEROOND Begins: Armenia’s First Authored School Model Based on Whole-Child Development, Enabled by AI"Unisport" Advances to the Main Round of the UEFA Futsal Champions League Cybersecurity Course Graduates Take Part in Ucom’s “Junior Academy” ProgramUcom Introduces Green Tariff Plans, Turning Everyday Connectivity into Environmental Impact Ucom Launches “Unity Back to School” Special Offer for the New School YearUcom’s Sales and Service Center Reopens at 7 Sayat-Nova Street in Gyumri "Unisport" Competes in the UEFA Futsal Champions LeagueAram Barseghyan Appointed CEO of Team Telecom Armenia, Hayk Yesayan to Lead Team GroupLetter of Congratulations to His Holiness Karekin II on His 75th Birthday “Side by Side” Program for Artsakh Families in the Sevan Community: IDBankArega Hovsepyan is our candidate for Chair of the Committee on European IntegrationThe Final Round of the Junius Tournament Has Begun