Yerevan, 26.September.2026,
00
:
00
BREAKING


Արամ Ա Վեհափառի նախագահությամբ տեղի ունեցավ Քրիստոնեական միության աղոթքի շաբաթ

POLITICS

Սեղմեք ԱՅՍՏԵՂ, լրացրեք օնլայն հայտը և մոռացեք հոսանքի վարձի մասին 

Արամ Ա Վեհափառի նախագահությամբ տեղի ունեցավ Քրիստոնեական միության աղոթքի շաբաթ․

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքները համախմբուեցան` մասնակցելու Քրիստոնէական Միութեան Աղօթքի Շաբթուան պաշտօնական բացումի հանդիսաւոր արարողութեան, Կիրակի, 18 Յունուար 2026-ին։ Արարողութեան նախագահեցին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Ն.Ա.Տ. Պշարա Պըթրոս Ռայի, Ն.Ս.Տ. Իգնատիոս Աֆրամ Բ. եւ Ն.Ա.Տ. Իգնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունան պատրիարքները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մօտ պապական նուիրակ Փաուլօ Արքեպիսկոպոս Պորճիա: Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին յոյն ուղղափառ, յոյն կաթոլիկ, հայ կաթոլիկ, հայ աւետարանական, լատին, քաղդէական, նեստորական եւ աւետարանական եկեղեցիներու ներկայացուցիչները: Տարեկան այս աւանդութիւնը, որ կը միաւորէ տարբեր եկեղեցիներու զաւակները, անգամ մը եւս շեշտեց խաղաղութեան, սիրոյ եւ միասնականութեան հրամայականը՝ նշանաբան ունենալով Պօղոս առաքեալի եփեսացիներուն ուղղած նամակին հետեւեալ տողը. «Մէկ է մարմինը եւ մէկ՝ Սուրբ Հոգին, ինչպէս մէկ է յոյսը՝ որուն հրաւիրեց ձեզ Աստուած» (4.4)։

Արարողութիւնը պատրաստուած էր հայ եկեղեցւոյ Արեւագալի ժամերգութենէն եւ այլ արարողութիւններէ քաղուած աղօթքներով ու շարականներով: Եկեղեցիներու ներկայացուցիչները հերթաբար ընթերցեցին աղօթքներ եւ բարձրացուցին հաւաքական մաղթանքներ՝ հայցելով Աստուծոյ օրհնութիւնը՝ աշխարհի խաղաղութեան եւ եկեղեցիներու մերձեցման համար։

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին բարձր տնօրինումով օրուան խորհրդածութիւնը կատարեց մարոնիթ եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականներէն եւ ականաւոր աստուածաբաններէն Փոլ Արքեպիսկոպոս Ռուհանա: Ան իր խորհրդածութեան սկիզբը երախտագիտական ու շնորհակալական խօսք ուղղելով Նորին Սրբութեան՝ ըսաւ. «Այսօր, ողջ Սփիւռքի հայութեան այս կեդրոնին մէջ՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարէն ներս, համախմբուած ենք մեր հոգեւոր մասնակցութիւնը բերելու Քրիստոնէական Միութեան Աղօթքի Շաբթուան բացման արարողութեան: Առաջին հերթին, պարտք կը զգամ յանուն ներկաներուս, մեր խոր շնորհակալութիւնը յայտնել Արամ Ա. Կաթողիկոսին՝ միջ-եկեղեցական այս նախաձեռնութեան աջակցելուն եւ զայն հիւրընկալելուն առիթով: Ձերդ Սրբութիւն՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս, մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք միջ-եկեղեցական կեանքին մէջ ձեր մատուցած անզուգական ծառայութեան համար՝ ըլլա՛յ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին եւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին, ըլլա՛յ կաթոլիկ եկեղեցւոյ հետ յարաբերութեան ու երկխօսութեան ծիրին մէջ: Այս օրերուն, երբ ձեր հայրապետական օծման ու գահակալութեան 30 ամեակը կը նշուի, աղօթող ենք առ Աստուած, որ ծառայութեամբ բեղուն տարիներ եւ երկար գահակալութիւն պարգեւէ ձեզի»: Ապա, հակիրճ կերպով անդրադարձ կատարեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի հայրապետներուն բերած մեծ ներդրումին՝ թէ՛ ընդհանրական եւ թէ՛ հայ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս: Ռուհանա արքեպիսկոպոս իր քարոզին մէջ լայն տեղ տրամադրեց լոյսի գաղափարին՝ զայն բացատրելով աստուածաբանական ու հայրաբանական տեսանկիւններէ. «Ճշմարիտ լոյսը նոյնինքն Քրիստոսն է, որ մեզի համար առաքուեցաւ ու մարդացաւ, որպէսզի Իր լոյսի շողերը արձակէ այս աշխարհին մէջ եւ մեզ համախմբէ Իր սիրոյն մէջ՝ Աստուծոյ միացած ըլլալով: Քրիստոս Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին չյայտարարեց միայն ճշմարիտ լոյսը ըլլալը, այլ մեզմէ պահանջեց Իրեն հետեւիլ եւ լոյսի որդիներ դառնալ: Հետեւաբար, Քրիստոսի հետեւելով պիտի կարողանանք իբրեւ լոյսի որդիներ հաղորդուիլ Աստուծոյ կեանքին, ինչպէս նաեւ մէկ ըլլալ աշխարհի վրայ»: Իր խօսքի աւարտին, արքեպիսկոպոսը խօսեցաւ քրիստոնէական համագործակցութեան անհրաժեշտութեան մասին. «Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս հաւաքուած ենք Քրիստոնէական Միութեան Աղօթք բարձրացնելու. ո՛չ թէ մեր եկեղեցիներուն կրած դժուարութեանց ու պառակտումներուն դիմաց ձեռնամած եւ անտարբեր կանգնելու, այլ խորհելու մեզ միացնող հաւատքին ու երկնային արժէքներուն մասին: Այս գաղափարներով ուղղորդուելով կարելի չէ ուղղափառ, կաթոլիկ կամ աւետարանական անուանումներու նեղ պարունակին մէջ մնալ, այլ պէտք է դառնալ Քրիստոսի եկեղեցւոյ հաւատարիմ անդամները»:

Քարոզին յաջորդեց Նիկիոյ Հաւատոյ Հանգանակը, որ բոլոր մասնակցողները միահունչ արտասանեցին: Ապա, Կաթոլիկ Պատրիարքներու եւ Եպիսկոպոսներու Խորհուրդի նախագահ Եուսէֆ Արքեպիսկոպոս Սուէյֆ խօսք առնելով՝ յանուն Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին եւ կաթոլիկ համայնքին շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին՝ այս նախաձեռնութիւնը հիւրընկալելուն համար:

Արարողութեան աւարտին, վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունելութիւն մը տրուեցաւ՝ ի պատիւ ներկայ հոգեւոր պետերուն եւ եպիսկոպոսներուն»,- նշվում է հաղորդագրության մեջ:

Հետևեք մեզ՝ այստեղ

You Can Now Pay with Idram on Glovo: The Long-Awaited Partnership Is Now a RealityRate.Trading: Currency Exchange on a New Digital PlatformIdram's "City of Good Deeds": From Teamwork to Real Charitable Projects Ucom and FAST Bring Together Artificial Intelligence and Green Innovation From Car Selection to Purchase – All in One Place: Ameriabank to Present its Myar.am Platform and Special Offers at Armenian Auto Show IDBank and the “Dekavva Fund” Stand with People from Artsakh Ucom Supports AI-Powered Camera Installation for Nature Conservation Dmitry Ishkhanov Opens the New Steinway’s Concert Life in Pardubice Ucom Fellowship Participants Meet Ralph Yirikian at UcomUnibank Becomes Title Sponsor of Alashkert Football ClubSergey Smbatyan’s Music for Future Foundation and the Lang Lang International Music Foundation Invite Young Pianists to Apply for the Prestigious Lang Lang Young Scholars ProgramUnibank Call Center Now Available 24/7 on Weekdays Ralph Yirikian Discusses the Challenges of Modern Leadership with Leadership School ParticipantsUnibank Becomes Lead Sponsor of AGBU’s Global Run in Support of Camp NairiUnibank’s Renamed “Tumanyan” Branch Opens at a New LocationUcom Continues Large-Scale Network Modernization, Expanding 5G Coverage and Enhancing Connectivity EBRD’s AMD-denominated bonds listed on AMX; Converse Bank acted as underwriterBecome a Unibank shareholder and acquire perpetual bonds with a 13.25% yieldThe Unprecedented Educational Summer of the 'Armenian Virtuosos'All Armflix Content Is Once Again Available on UplayHayk Melikyan Opens the 5th Festival of Armenian Culture in KatowiceHarutyun Harutyunyan: “The Government Has No Intention of Applying for EU Membership and Adopted the Law to Prevent a Referendum”Ucom Supports Coca-Cola Fest 2026 “Orran” Students Start the New Academic Year with Support from “The Power of One Dram”It is with deep awareness of the seriousness of this supposition as well as concern that we pose the question of the above headline“Armenian Virtuosos” Scholarship Recipients Take the Stage at the 4th International Festival of Youth Orchestras of the WorldUnibank Launches a New Promotion "U-Teenager": Grand Prize — a Summer Course at One of the Top Universities AbroadSEROOND Begins: Armenia’s First Authored School Model Based on Whole-Child Development, Enabled by AI"Unisport" Advances to the Main Round of the UEFA Futsal Champions League Cybersecurity Course Graduates Take Part in Ucom’s “Junior Academy” ProgramUcom Introduces Green Tariff Plans, Turning Everyday Connectivity into Environmental Impact Ucom Launches “Unity Back to School” Special Offer for the New School YearUcom’s Sales and Service Center Reopens at 7 Sayat-Nova Street in Gyumri "Unisport" Competes in the UEFA Futsal Champions LeagueAram Barseghyan Appointed CEO of Team Telecom Armenia, Hayk Yesayan to Lead Team GroupLetter of Congratulations to His Holiness Karekin II on His 75th Birthday “Side by Side” Program for Artsakh Families in the Sevan Community: IDBankArega Hovsepyan is our candidate for Chair of the Committee on European IntegrationThe Final Round of the Junius Tournament Has BegunAwards Ceremony for the “Top 100 Students of Armenia” Competition: Presentation of CertificatesNew Samsung Galaxy A27 as Part of Ucom’s Special “Back to School 2026” OfferMillennials, Gen Z, or Gen Alpha: How Different Generations Prepare for the New School Year: Idram&IDBankFinancial Literacy at the Republican Center for Children and Youth Tent Camp: Idram & IDBankUnlocking the Secrets of the Financial World at ''Hayordi'' Camp with Idram&IDBankUcom Supports the Second Phase of ArmDrone’s FPV Drone Educational Program "The Power of One Dram" to "Orran" Charitable Non-Governmental OrganizationUcom and Microsoft Innovation Center’s Cybersecurity Education Program Concludes with a Mini CTF CompetitionCustomer Appreciation Day - This Time at IDBank’s “Erebuni” BranchResults of the Junius Tournament Announced: The Next Round AheadUcom Expands International Roaming Capabilities