Հայ ժողովուրդը միշտ զորակցել է պաղեստինյան արդար դատին․ Արամ Ա Վեհափառ
SOCIETYՍեղմեք ԱՅՍՏԵՂ, լրացրեք օնլայն հայտը և մոռացեք հոսանքի վարձի մասին
Արամ Ա Վեհափառը ընդունել է Պաղեստինի դեսպանին․
«Այս առաւօտ՝ Հինգշաբթի, 27 Նոյեմբեր 2025-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Պաղեստինի նորանշանակ դեսպան դոկտ. Մուհամմէտ Ալ-Ասաատի։
Դեսպանին առաջին այցելութիւնը ըլլալով` Նորին Սրբութիւնը անոր անհրաժեշտ բացատրութիւններ տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կառոյցին ու առաքելութեան մասին։ Հայրապետը շեշտեց, թէ հայ ժողովուրդը միշտ զօրակցած է պաղեստինեան դատին՝ զայն նկատելով արդարութեան դատ։ Ան նաեւ յայտնեց, որ պաղեստինեան տագնապին լուծումը պաղեստինեան անկախ պետութեան հաստատումն է, տեսակէտ մը, որ արդէն իսկ որդեգրուած է միջազգային համայնքին կողմէ։
Դեսպանը, իր կարգին, իր զօրակցութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդի դատին գծով եւ անդրադարձաւ հայ ու պաղեստինցի ժողովուրդներու պատմական բարեկամութեան` յիշելով, որ պաղեստինեան պետութեան ներկայ արտաքին գործոց նախարարը հայ է։
Հանդիպումէն ետք դեսպանը այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած Սրբոց Նահատակաց յուշարձան-մատուռ եւ իր յարգանքը արտայայտեց Ցեղասպանութեան սրբացեալ նահատակներու յիշատակին»։
Հետևեք մեզ՝ այստեղ



