Yerevan, 20.June.2026,
00
:
00
BREAKING


«Ազդակ»-ում առաջին խմբագրի անունով խմբագրասենյակ է բացվել

SOCIETY

 Լիբանանի «Ազդակ» պարբերականում բացվել է խմբագրասենյակ առաջին խմբագիր Լևոն Գարմենի անունով: Այս մասին տեղեկացնում է Լիբանանում «Արմենպրես»-ի թղթակիցը: Ներկայացնում ենք հոդվածն ամբողջությամբ:

«Ներկայութեամբ ազգային եւ կուսակցական ներկայացուցիչներու սեղմ շրջանակի երկուշաբթի, 21 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Ազդակ»-ի յարկին տակ տեղի ունեցաւ իւրայատուկ իրադարձութիւն մը, երբ բացումը կատարուեցաւ 50 տարի առաջ «Ազդակ»-ի խմբագիրի պաշտօնի ստանձնման համար յատուկ Իրաքէն Լիբանան գործուղուած եւ կարճ ժամանակ ետք մահացած դաշնակցական գործիչ, մտաւորական, բանաստեղծ, հրապարակագիր Լեւոն Գարմէնի (Ստեփանեան) անունը կրող խմբագրասենեակին:

Այս առիթով «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան ողջունեց ներկաները եւ բարձր գնահատեց նման նախաձեռնութիւն մը իրականութիւն դարձնելու մէջ Իրաքի հայոց թեմին ներդրումը: Ան հաստատեց, որ նման գաղափար մը կը միտէր նախ Լեւոն Գարմէնը ծանօթացնել ընթերցողներուն, ապա նաեւ` անոր մնայուն տեղ տալ այն խմբագրատան մէջ, որուն առաջին դաշնակցական խմբագիրը եղած էր ան: Շահան Գանտահարեան նաեւ յիշեց, որ «Ազդակ»-ի «Ժ. Պուտագեան» կեդրոնին մէջ արդէն ամբողջացած է թուայնացումը իրաքահայ «Գոյամարտ» շաբաթաթերթին, որ արդէն իսկ դուրամատչելի դարձած է ուսումնասիրողներուն: Ան հաստատեց, որ իրաքահայութեան հետ համագործակցութիւնը պիտի ըլլայ շարունակական եւ հետեւողական: Ապա խօսք առաւ Իրաքի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենադպիր Սարգիս Գոթունեան, որ նախ անդրադարձաւ երախտապարտ ըլլալու անհրաժեշտութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ մեծարել ու արժեւորել արժանաւորները, դիտել տալով, որ հայ ժողովուրդը օժտուած է այդ նկարագրային գիծով: Ասկէ մեկնած` ան խօսեցաւ 50 տարի առաջ իրաքահայութեան համար մեծ կորուստ հանդիսացած Լեւոն Գարմէնի մասին, որ եղած է գաղութի արժանաւոր ու բացառիկ զաւակերէն, որուն ներկայութիւնը թէեւ եղած է կարճատեւ, բայց` լուսառատ, եւ որ իր ետին թողած է քաղցր յիշատակը հանրային շատ երախտիք ունեցող գործիչի եւ զգայուն բանաստեղծի:

Ապա Ս. Գոթունեան ներկայացուց Լեւոն Գարմէնի կենսագրականը, անոր գործունէութեան դաշտերը, նկարագրային իւրայատկութիւնները` լուսարձակի տակ առնելով նաեւ «Գոյամարտ»-ի պատմականը եւ անոր մէջ Լեւոն Գարմէնի ներդրումը: Իր խօսքը եզրափակելով` ան շեշտեց, որ «Ազդակ»-ի մէջ Լեւոն Գարմէնի անունով խմբագրասենեակի մը բացումը ապացոյց է, որ անոր անունը առյաւէտ պիտի յիշուի:

Լիբանանի հայոց թեմին անունով խօսք առաւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան, որ ներկաներուն փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի ողջոյնները` նշելով, թէ ան կամքէ անկախ պատճառներով չէ կրցած ներկայ գտնուիլ այս իւրայատուկ ձեռնարկին: Ապա ան շեշտեց, որ կան պահեր, որոնք յատկանշական են ու խորհրդաւոր, մանաւանդ երբ արժէքներու վրայ լուսարձակ կը սփռուի, անոնց նկատմամբ յարգանք եւ ակնածանք կը դրսեւորուի բանիւ եւ գործով, դիտել տալով, որ անոնք նաեւ պատգամ փոխանցող են: Հաւաթեան նման առիթ նկատեց «Լեւոն Գարմէն» խմբագրաս ենեակի բացումը, որ ո՛չ միայն հայութեան տարբեր հատուածներու միջեւ սերտ համագործակցութեան լաւագոյն դրսեւորումներէն է, այլ նաեւ ապացոյց է, որ հայութիւնը տէր է իր արժէքներուն եւ գիտէ յարգել զանոնք:

Յակոբ Հաւաթեան այս առիթով նաեւ դրուատեց դժուար պայմաններու մէջ ապրող, սակայն ամէն տեսակ մարտահրաւէր շրջանցելով գոյատեւող իրաքահայ գաղութը, որ կը շարունակէ ազգային դաստիարակութիւն ջամբել եւ սերունդներ կերտել:

Այս առիթով իր սրտի խօսքը արտասանեց Իրաքի Հայոց թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեան, որ առիթը նուիրական նկատեց, որովհետեւ անիկա «հանդիպում» է վաղամեռիկ խմբագիր Լեւոն Գարմէնի հետ, զոր մեծարելու եւ անոր նկատմամբ երախտագիտութիւն յայտնելու լաւ դրսեւորում է անիկա:

Ծանրանալով Լեւոն Գարմէնի «Ազդակ»-ի վերջին խմբագրականին վրայ` «Պատը» խորագիրը կրող, առաջնորդ սրբազանը դիտել տուաւ, որ անիկա գրուած է մարգարէի մը ոճով եւ արտաքին ազդակներուն արձագանգելու ունակութեամբ, շեշտելով, որ անոր մէջ արտայայտուած մտածումները տակաւին կը պահեն իրենց այժմէականութիւնը` իբրեւ բաժանարար: Ասկէ մեկնելով` հաստատեց, որ Լեւոն Գարմէնի խմբագրականին միտք բանին պէտք է նկատել խոչընդոտներու խորտակումն ու վերացումը մեր անհատական, ընկերային, ընտանեկան, հասարակական եւ ազգային կեանքէն: Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց «Ազդակ»-ի «Ժ. Պուտագեան» կեդրոնի կողմէ «Գոյամարտ»-ի թուայնացման աշխատանքը` զայն նկատելով իրաքահայ մամուլի փրկութեան շատ կարեւոր քայլ: (Խօսքին ամբողջութիւնը ):

Աւարտին Շահան Գանտահարեան Իրաքի հայոց թեմի պատուիրակութեան անդամներուն յանձնեց «Գոյամարտ»-ի թուայնացուած «տի. վի. տի.»-ներու անդրանիկ օրինակները, իսկ թեմի անունով «Ազդակ»-ի տնօրէնին յանձնուեցաւ յատկանշական յուշանուէր մը` Լեւոն Գարմէնի պատկերով:

Նշենք, որ բացումէն անմիջապէս առաջ իրաքահայ հիւրերը շրջագայեցան «Ազդակ»-ի մէջ եւ այցելեցին «Ժ. Պուտագեան» կեդրոն` մօտէն ծանօթանալով թուայնացման աշխատանքներուն»:

AraratBank: A New Rhythm of Life for Children with Hearing ImpairmentsUcom Is the Technology Partner of the Street Ball Armenia Cup 2026 Idram and Glovo Sign Memorandum of Cooperation in BarcelonaTop Travel Destinations of 2026: IDBank Ucom and Impact Hub Yerevan Continue Supporting the Development of Green Startups in Armenia Moody's Ratings affirms Unibank’s B1 ratings with a stable outlook''Do not trust your eyes’’: IDBank warns about fraud using deepfakes Up to 30% idcoin at pools: Idram&IDBankMoody’s Reaffirms ZCMC’s B2 Credit Rating with Stable Outlook ''Teach For Armenia'' is the June beneficiary of the ''Power of One Dram'' Firebird and the Government of Kazakhstan Sign Strategic Agreements to Advance National AI Infrastructure IDBank issued the 4th and 5th tranches of bonds of 2026 Financial Literacy Training for Young Chess Players: Idram & IDBankWildberries and Unibank in Armenia Launch Installment Purchase ServiceZCMC Joins the United Nations Global Compact Ucom Launches uPlay Cinema: Hundreds of Movies for a Single Monthly Fee From Small Steps to Big Changes: “The Power of One Dram” Turns 6Junius is back — with a new tournament and valuable prizes Ameriabank and FMO Sign EUR 120 Million Agreement to Support MSMEs and Advance Green Finance in Armenia International Children’s Day with EU and “Armenian Virtuosos”There is widespread FEAR [in Armenia] — Ex-Defense Minister Arshak Karapetyan Firebird’s AI Megaproject Enters Final Stage of Phase One Construction0% Commission on Leveraged Share Purchases via the ARARATBANK Trading PlatformCustomer Appreciation Day in Gyumri: IDBankSolis CJSC, managed by Amber Capital and combining a portfolio of solar power plants, issues bonds Ucom General Director Ralph Yirikian Participated in a Panel Discussion at RISE Powered by Silicon Mountains Simple Talks: A Fresh Take on Finance with AraratBank Ameriabank Won in 4 Categories at AMX Awards 2026Idram Becomes a Partner of “Little Mher”Unibank has launched instant transfers by phone number Unisport Crowned Armenian Futsal Premier League ChampionOn May 30, "Unisport" will compete for the title of the Armenian championWith IDBank’s Support, Ian Gillan and Tony Iommi Awards Established at Gyumri Music School No. 6An unforgettable day instead of toys: June 1st guide from Idram&IDBankUnibank Issues Perpetual Bonds with a 13.25% Annual Yield for Shareholders IDBank Presented It’s Vision for Social Responsibility at Impacture 2026Unibank will not increase fixed-adjustable interest rates on loans secured by real estate Ucom General Director Ralph Yirikian Participated in the Impacture 2026 Conference“We are switching you to 5G, type a command”: IDBank warns about a fraud disguised as a “network update”Ucom and staff.am Bring Together Armenia’s Business Leaders at Executive Offsite Vol.1 Ameriabank and ADB Signed a $100 Million Agreement to Expand Micro, Small, and Medium-Sized Enterprise and Green Finance in ArmeniaLove Is… card from Unibank can win a trip to Paris Learn by Playing. A Series of Financial Literacy Games with Idram, IDBank and “Novosti-Armenia”Ucom and the Microsoft Innovation Center Collaborate on Cybersecurity EducationUnisport – Armenian Futsal Cup holderSummer starts with iced coffee, what if it brings bonuses too? Idram&IDBank AraratBank reduces loan interest rates for around 400 reliable SME customersTeam Holding Announces the Launch of the Third and Final Placement Phase of USD Bonds. Underwriter - Freedom Broker Armenia Unibank Launches Biometric Identification in UNIMobile App Unisport reaches the finals of the Futsal Armenian Cup and Premier League