Yerevan, 15.March.2026,
00
:
00
BREAKING


Լիբանանում բացվել է Ազգային միացյալ վարժարանը

SOCIETY

 Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոս Արամ Ա վեհափառ հայրապետի ձեռամբ և Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահե եպիսկոպոս Փանոսյանի նախագահությամբ նոյեմբերի 23-ին բացվել է Ազգային միացյալ վարժարանը: Այս մասին տեղեկացնում է Լիբանանում «Արմենպրես»-ի թղթակիցը: Ներկայացնում ենք հոդվածն ամբողջությամբ:

«Լիբանանահայութեան պատմութեան էջերուն վրայ ոսկեայ տառերով յաղթանակ մը արձանագրուեցաւ: Յաղթանակ մը, որ կը մարմնաւորէ անցեալէն եկած եւ մինչեւ 21-րդ դար հասած հայ ժողովուրդի քաղաքակրթութեան ձգտումը: Երէկ երեկոյեան պանծալի ու հիասքանչ մթնոլորտի մը մէջ կեանքի կոչուեցաւ լոյսի ու գիտութեան շքեղ կառոյց մը, որ շուտով պիտի դառնայ լիբանանահայութեան միջնաբերդը, հոգիի ու միտքի դարբնոցը եւ մնայուն աւիշ հայթայթող հաստաբուն կաղնին:

Երէկ` չորեքշաբթի, 23 նոյեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, բարձր հովանաւորութեամբ եւ ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի բացումը կատարուեցաւ Ազգային միացեալ վարժարանին: Վեհափառ հայրապետը Ազգային միացեալ վարժարանի սեմին հայրապետական օրհնութեան գիրով իր օրհնութիւնը տուաւ, ապա հատեց ժապաւէնը եւ միացաւ հանդիսականներուն: ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը հնչեցուց Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգները, ապա բացուած յայտարարուեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւնը, որուն ներկայ էի ն հայ երեք յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Լիբանանի ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ-Համատէ, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետները, կուսակցութիւններու, միութիւններու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, աշակերտներ եւ հիւրեր:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէն Թալին Հաւաթեան-Մարտիրոսեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ լիբանանահայութեան պատմութեան ընթացքին հայակերտման, ազգային ինքնութեան պահպանման, ազգային պատկանելիութեան գիտակցութեան զարգացման հոլովոյթին մէջ ազգային վարժարանները ունեցած են անժխտելի դերակատարութիւն` իրենց իւրայատուկ դրոշմը ձգելով նորահաս սերունդներուն դաստիարակութեան վրայ: Ան հաստատեց, որ Ազգային միացեալ վարժարանը` հաւատարիմ այս տեսլականին եւ առաքելութեան, պիտի շարունակէ նոյն ուղիով կերտել վաղուան հայ մարդը` հաղորդակից իր պատմութեան եւ մշակոյթին, յանձնառու իր ներուժը անսակարկ նուիրող ազգային կեանքի աշխուժացման եւ անոր վերելքին: Թալին Հաւաթեան-Մարտիրոսեան եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Միացեալ վարժարանը պիտի դաստիարակէ վաղուան լիբանանահայ քաղաքացին` օժտուած 21-րդ դարուն համար անհրաժեշտ եւ էական նկատուող բոլոր հմտութիւններով: Արդիականացած ուսումնական ծրագիրները, բարեփոխուած կրթական համակարգը, արդիւնաւէտութեան ձգտող դասաւանդման մեթոտները, ուսուցիչներու մասնագիտական հմտացումը պիտի դառնան Ազգային միացեալ վարժարանի աշխատանքներուն հիմ քը: Բոլորիս գործակցութեամբ, բայց մանաւանդ բոլորիս ամուր հաւատքով եւ ճիգերով, հաստատ քայլերով կ՛ուղղուինք դէպի ուսումնական փայլուն ապագայ»:

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան խօսքը արտասանեց Յակոբ Հաւաթեան: Ան ըսաւ, թէ Ազգային միացեալ վարժարանը արդէն կը դառնայ ապրող իրականութիւն մը: Յաղթանակներն ու նուաճումները կերտելէն աւելի զանոնք պահելն ու պահպանելը եւ լիիրաւօրէն կենսաւորելը հրամայական անհրաժեշտութիւններ են եւ կ՛ենթադրեն նոյնքան աշխատանք, զոհողութիւն եւ հաւաքական ու միասնական ճիգ եւ նուիրում:

Յ. Հաւաթեան պատմական օրուան առիթով երախտագիտութիւն յայտնեց Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի, Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Աբգարեան, Աքսոր Գասարճեան եւ Ռուբինեան վարժարաններու անցնող տասնամեակներուն ծառայած տնօրէնութիւններուն, խնամակալութիւններուն, տիկնանց օժանդակ յանձնախումբերուն, բարերարներուն, ուսուցիչներուն եւ անձնակազմերուն, որոնց ճիգին ու վաստակին արգասիքն է, որով կ՛ապրի հայութիւնը, եւ որով կը հպարտանանք: «Վաստակաշատ այդ բոլոր սերունդներուն նկատմամբ մեր մեծագոյն երախտապարտութեան դրսեւորումը այսօր պիտի ըլլայ իրենց սկսած առավելութեան շարունակականութեան ապահովումը, որ կարելիութիւն պիտի դառնայ շնորհիւ այս նոր կրթական կառոյցին,- ըսաւ Յ. Հաւաթեան եւ աւելցուց,- այս կառոյցին հիմնումով հայերէն խօսելու, հայօրէն շնչելու, հայկականութեամբ լեցուելու եւ հպարտանալու ու միաժամանակ լիբանանցի լաւ քաղաքացի դառնալու  եւ իբրեւ ուսումնատենչ ու ապագայատեսիլ երիտասարդ կազմաւորուելու հայավայել կարելիութիւն կ՛ընձեռուի ներկայ սերունդին»:

Ան յանուն Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան եւ Ազգային առաջնորդարանի բոլոր կառոյցներուն  խոստացաւ` ոչ մէկ ճիգ խնայել հայեցի, առողջ սերունդներու պատրաստութեան սրբազան ու ազգային առաքելութեան  մէջ, հայ դպրոցը վերածել յաւելեալ ճառագայթող ներկայութեան, գուրգուրալ հայ կրթական մշակի կոչումին վրայ եւ զայն դարձնել մեր կեանքին մէջ մնայուն դերակատար: «Կը խոստանանք ճիգ չխնայել  մեր ժողովուրդի զաւակներուն մօտ կասեցնելու հայկական արժէքներէ, աւանդութիւններէ եւ  ապրումներէ ամէն տեսակի օտարացման փորձութիւն»:

Յ. Հաւաթեան յիշեցուց եւ հաստատեց Ազգային երեսփոխանական ժողովի եւ Ազգային մարմիններու վճռակամ որոշումը, որ Ազգային միացեալ վարժարանի կրթական առաջին զանգէն առաջ Ազգային առաջնորդարանը փակած պիտի ըլլայ  նախկին դպրոցներու հետ առնչուող նիւթական իր բոլոր պարտաւորութիւնները: Ան եզրափակելով խօսքը ըսաւ. «Աշխատանքը կը սպասէ բոլորիս, եւ հաւաքական պատասխանատուութեամբ ու անպայման հաստատ քայլերով մեր սերունդները պիտի առաջնորդենք դէպի լուսաւոր ապագայ»:

 

Ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Տաւիղ» նուագախումբը` ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի, ապա խօսք առաւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ: Ան ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդի զաւակները 1915-ին բազմաթիւ արհաւիրքներէ անցնելով կրցած են հասնիլ Լիբանան: Ան ըսաւ, թէ հակառակ ամէն տեսակ դժուարութեան, հայ ժողովուրդի զաւակները չընկրկեցան, դիմագրաւեցին խոչընդոտները եւ ապրեցան կառուցելով: Կառուցեցին եւ մաս կազմեցին Լիբանանի շինարարական կեանքին: Նախարարը գնահատեց հայերուն ներդրումը կրթութեան եւ գիտութեան մարզին մէջ, որուն մեծագոյն վ կան այն գեղեցիկ կառոյցն է, որուն յաջողութեան համար ժողովուրդի զաւակներուն միջեւ պէտք է ամբողջական համագործակցութիւն հաստատել:

Նախարարը աւարտեց խօսքը ըսելով. «Լիբանանահայերը այս երկրին լիիրաւ ու արդար քաղաքացիներն են: Իսկ մենք լիբանանահայութեան կողքին ենք, այսօր աւելի քան երբեք  պատրաստ ենք ձեր կրթական արդար իրաւունքներուն նեցուկ կանգնելու, որպէսզի ձեր լաւագոյնը տաք կրթական, բժշկական եւ ընկերային բոլոր մարզերուն մէջ»:

Ելոյթ ունեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ Ազգային միացեալ վարժարանի բացման հանդիսութիւնը արժանայիշատակ օր է ո՛չ միայն լիբանանահայութեան համար, այլեւ ամբողջ հայութեան համար, որովհետեւ մեր կրթօճախները միշտ եղած են հայ ժողովուրդի ողնաշարը, այն առանցքը, որուն շուրջ կառուցած ենք մեր մտաւոր ժառանգութիւնը: Այս պայմաններուն մէջ որեւէ նոր կրթօճախի հիմնում առկայութիւնն է այն շարունակականութեան եւ կամքին, որ հայ ժողովուրդը ունեցած է եւ պիտի շարունակէ ունենալ իր հազարամեայ պատմութեան ընթացքին:

Դեսպանը իր խօսքի աւարտին կարդաց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի խօսքը, որուն մէջ ըսուած էր.

«Ազգային միացեալ վարժարանի բացման հանդիսութիւնը լիբանանահայութեան համար բաղձալի իրադարձութիւն է, որովհետեւ կը մարմնաւորէ մեր ժողովուրդի ապրելու եւ արարելու կամքը: Կրթօճախի բացումը հաւաստիացումն է առ այն, որ Լիբանանի մէջ տասնամեակներու ընթացքին ձեւաւորուած է ազգային վեհ գաղափարներու վրայ հիմնուած հայրենանուէր մտածողութիւն: Համոզուած եմ, որ այս կրթօճախը իր գործունէութեամբ պիտի ծառայէ տարբեր քաղաքակրթութիւններու պարունակին մէջ հայու տեսակի պահպանման ազգանուէր առաքելութեան: Անիկա կը խորհրդանշէ մեր ժողովուրդի` մշակոյթի եւ կրթութեան նկատմամբ ունեցած բացառիկ վերաբերմունքը»:

 

Գեղարուեստական յայտագիրին մեներգով մը մաս կազմեց Շողիկ Թորոսեան: Ապա խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ ըսաւ, թէ հայ դպրոցը մեր ժողովուրդի հաւատքով եւ տեսիլքով ծնունդ առած կառոյց է, որ անով յաւերժանայ մեր գոյութիւնը: «Այս հիմնարկը Ազգային առաջնորդարանի ճիգերով կը զետեղենք մեր ժողովուրդի տրամադրութեան տակ, որպէսզի անով նոր ոգեւորութիւն գտնէ հայ դպրոցը մեր իրականութեան մէջ  եւ հայ դպրոցով մենք առաւել եւս ամրանանք ու գիտակցօրէն կերտենք վաղուան մեր իտէալներուն եւ տեսիլքներուն տանող այն ճամբան, որուն մէջ կ՛ուզենք տեսնել մեր հաւաքականութիւնը», ըսաւ առաջնորդ սրբազանը եւ հրաւիրեց Արամ Ա. կաթողիկոսը իր պատգամը ուղղելու:

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ հայ դպրոցը նուիրական հաստատութիւն է, ինչպէս որ երկիւղածութեամբ եկեղեցի կը մտնենք, նոյն գիտակցութեամբ պէտք է հայ դպրոց մտնենք, որովհետեւ մեր ժողովուրդի ապագան կախեալ է հայ դպրոցէն: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հաստատեց, որ հայ դպրոցը միայն ուսում ջամբող հաստատութիւն չէ, հայ դպրոցը հայը հայ դարձնող ճշմարտօրէն եւ գիտակցօրէն սրբավայր է: «Մենք բոլորս հայ դպրոցին նկատմամբ նման բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութիւն եւ յանձնառութիւն պէտք է ունենանք: Պէտք է գուրգուրանք այս դպրոցին, որ հաւաքական աշխատա նքով կառուցուեցաւ», ըսաւ վեհափառ հայրապետը, ապա իր բարձր գնահատանքը յայտնեց առաջնորդ սրբազանին, նախկին առաջնորդին, ներկայ ու նախկին Ազգային վարչութեանց, բոլոր յարակից միութիւններուն, որոնք մասնակից դարձան հրաշքի համազօր այս իրականութեան կերտման: Ան իր խոր գնահատանքը յայտնեց բոլոր բարերարներուն եւ մեկենասներուն, որոնք այս դպրոցի շինութեան աշխատանքին մէջ բերին իրենց մասնակցութիւնը: Այս ծիրին մէջ ան նշեց Հրայր Սարգիսեանի մեծ ներդրումը:

Վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղեց բոլորին եւ ըսաւ, որ այս դպրոցը Լիբանանի հայութեան դպրոցը պիտի ըլլայ առանց խտրութեան, ապա սրտանց շնորհաւորեց բոլոր ներկաները եւ յաջողութիւն մաղթելով աւարտեց իր խօսքը:

Տօնական մթնոլորտը ալ աւելի պայծառացաւ հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցած հրավառութեամբ, որ լուսաւորեց Պուրճ Համուտի երկնակամարը` աւետելով լոյսի ու գիտութեան փարոս` Ազգային միացեալ վարժարանի ծնունդը»:

 

IDBank Announces the Launch of the IDDistributor Financial ToolSafe Workplace as a Guarantee of DevelopmentSpring Promotion at Megamall from Idram&IDBank“We want to buy your item, please provide your card details.” IDBank warns about fraud on classified platforms Ucom Fellowship 2025 Concludes as Top Eco-Startups Secure FundingIDBank Goes International: Mher Abrahamyan's Interview with the Los Angeles TimesAraratBank Earns RIA Money Transfer’s Partner of the Year in Armenia for the Seventh Consecutive YearUcom Supports the “DemArDem 2026” Regional Youth Forum ZCMC еstablishes Sustainability, ESG and Risk Committee Parallels Between the “Real Armenia Ideology” and Soviet and Turkish Approaches to the Diaspora New Offer - Up to AMD 5 Million - Consolidate your Loans and Switch to AraratBankNew Promotion at Yerevan Mall Ahead of March 8: Idram&IDBankUBPay and MoneyTO Launch Money Transfers from Armenia to the UK In Celebration of the Spring Holidays Ucom Offers Unity Packages on Special Terms Ameriabank Becomes the First Armenian Company in the List of the 100 Largest Companies on the London Stock Exchange as a Member of Lion Finance GroupIDBank Expands Travel Benefits of Premium CardsFree Calls and SMS Messages from Ucom for Subscribers in the Middle EastLove Is… Card by Unibank – An Iconic Design and a Romantic Trip for Two to Paris Customer Appreciation Day at IDBank’s Echmiadzin BranchUcom Fellowship Incubation Program Participants Visit Ucom Individuals and businesses, near and far, all welcomeTrust and reach across the globeChoosing the Best Gifts for March 8 and Paying with the Idram&IDBank AppUcom Spring Offer: HONOR X7d 5G Smartphone and Valuable GiftsAraratBank: Update+ - New Loan Offer with 2% Cashback “My phone rang…”: IDBank warns about a rise in fraud using the “call from the bank” scheme.Ucom Is Recognized as Armenia’s No. 1 Operator for the Fastest Mobile Internet and the Best Fixed Network Unibank’s perpetual bonds have been listed on the Armenia Securities Exchange Armenian Company E-auto to Officially Represent HONGQI Vehicles in Georgia2% Cashback on Payments Made with AraratBank Arca CardsOrder an IDBank Arca Classic card and enjoy up to 2% cashbackIDBank has summed up the raffle held within the framework of IDsalary payroll package: 55 lucky winners have received their prizes Ucom and Hero House Yerevan Continue Cooperation KardaLove 5th Anniversary Festival Held under the Title Sponsorship of AraratBankAmeriabank Opens a New Branch in Artashat: Special Offers for New CustomersDangerous Generosity: IDBank Warns of a Rise in Fake Online SurveysJustice Turned Into a Show: The Real Purpose Behind the Case Against Vahe HakobyaIdram, Mediamax and Hayordi Foundation Launch Initiative Ahead of Book Giving DayAraratBank Receives Mastercard “Excellence in Strategic Marketing” AwardIDBank has opened a representative office in Glendale, CaliforniaTeam Holding Announces the Launch of the Second Tranche of Its USD Bond Placement. Underwriter - Freedom Broker ArmeniaUcom Services Can Now Be Paid Via Fast Shift Team and the French University in Armenia Help 120 Students Gain Real-World ExperienceUcom Offers Comprehensive Internal Network (LAN) Building Services for Corporate Clients Unibank Became an A-Level Member of the Armenia British Business Chamber Winter adventures continue at Myler: Idram&IDBankWith the Support of AraratBank, KardaLove 5th Anniversary Festival Returns in a New FormatThe Power of One Dram — to Mathemik NGOIDBank’s Nor Nork branch has reopenedOn the impossibility of making payments via Idram for telecommunication operators’ services and the current situation