Yerevan, 21.June.2026,
00
:
00
BREAKING


Կիլիկիո կաթողիկոսարանի կազմակերպած գրքի ցուցահանդեսը նվիրվել է Աստվածաշնչի տպագրության 350 ամյակին

SOCIETY

Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոս Արամ Ա Վեհափառը հոկտեմբերի 30-ին պաշտոնապես բացել է Հայ գրքի համահայկական 37-րդ ցուցահանդեսը, որը նվիրված է Աստվածաշնչի տպագրության 350 ամյակին: «Արմենպրես»-ը ներկայացնում է Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոսարանի հաղորագրությունն ամբողջությամբ:

«Յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագին, «Որք զարդարեցին» շարականին երգեցողութեամբ հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ հաստատուած յատուկ տաղաւարը, ուր Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը  հոկտեմբեր 30-ին պաշտօնապէս բացումը կատարեց Հայ գիրքի համահայկական 37-րդ ցուցահանդէսին:

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը շարունակէ հայ մշակոյթի պաշտպանութեան եւ հայ գիրի ու գրականութեան տարածման սրբազան առաքելութիւնը` իր սրբազան յարկին տակ ի մի հաւաքելով հայ հրատարակչատուները, հեղինակներն ու մտաւորականները, դպրոցական ու համալսարանական աշակերտները եւ անհատ գրքասէրները:

Բացման հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին հայ հրատարակչատուներու ներկայացուցիչներ, ուսուցիչներ, գրքասէր հանրութիւն մը եւ մանաւանդ դպրոցական ու դպրոցաւարտ երիտասարդներ:

Վեհափառ հայրապետը լուսարձակի տակ առաւ հայերէն Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան եւ ըսաւ. «Ներկայ տարին 350-ամեակն է Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան: Հետեւաբար, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած Հայ գիրքի համահայկական այս 37-րդ ցուցահանդէսը կը նուիրենք Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան 350-ամեակին»: Վեհափառ հայրապետը խօսելով Ոսկան վարդապետի կատարած գործին կարեւորութեան եւ անձնուրաց եկեղեցականի վաստակին մասին` յիշեցուց. «1666 թուականը մեր ժողովուրդի ու եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ կը յատկանշուի Աստուածաշո ւնչի առաջին տպագրութեամբ: Սովորական երեւոյթ մը չէր Աստուածաշունչի տպագրութիւնը` նկատի ունենալով այդ ժամանակներու դժուար պայմանները` թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ գործնական իմաստով: Սակայն, շնորհիւ Ոսկան վարդապետի իմաստուն ու քաջ քայլին, հայ ժողովուրդը իր ձեռքերուն մէջ ու աչքերուն դիմաց ունեցաւ տպագրուած Աստուածաշունչը:

«Սպահանի մէջ ծնած, Ս. Էջմիածնի մէջ իր եկեղեցական կոչումը ստացած Ոսկան վարդապետ կ’առնէ Աստուածաշունչի տպագրութեան յանդուգն քայլը: Ինչպէս հայ գիրերու գիւտարարը եւ թարգմանչաց սերունդի առաջնորդը` Ս. Մեսրոպ իր սրբազան առաքելութիւնը սկսելէ առաջ երազեց, տագնապեցաւ, պրպտեց, ուսումնասիրեց` միշտ մեկնելով ազգին ու եկեղեցւոյ ծառայելու ամուր յանձնառութենէն, այնպէս ալ Ոսկան վարդապետը, մէկդի թողելով իր միաբանի հանգստաւէտ պայմանները, հոգեւորականի տիտղոսին փառքն ու պատիւը, իր ամբողջ կեանքը նուիրեց Աստուածաշունչի տպագրութեան: Հո՛ն գտաւ իր հոեւորականի փառքն ու պատիւը. հո՛ն տեսաւ իր ճշմարիտ մեծութիւնը, իր գոյութեան պատճառը: Ոսկան վարդապետ սոսկ տպագրիչ չեղաւ, այլ պրպտող, հաւաքող, քննող, դասաւորող բանասէր ու խմբագիր: Ճի՛շդ է, իրմէ առաջ Աստուածաշունչի տպագրութեան փորձեր կատարուած էին, փորձեր եղած էին ո՛չ ամբողջական, այլ` թերի ու սահմանափակ, սակայն Ոսկան վարդապետ կը նկատուի Աստուածաշունչի առաջին ու ամբողջական տպագրութեան ռահվիրան», նշեց Արամ Ա. կաթողիկոս:

Հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ Աստուածաշունչի կարեւորութեան անդրադառնալով` Արամ Ա. կաթողիկոս պատգամեց. «Արդարեւ, եթէ Մեսրոպ Մաշտոց ու Սահակ Հայրապետ 5-րդ դարուն Աստուծոյ խօսքը հայացուցին` ստեղծելով մեր պատմութեան Ոսկեդարը, ապա, Ոսկան վարդապետ ձեռագիրներու փոշիներուն տակ մնացած Աստուածաշունչը մատչելի, տեսանելի ու շօշափելի դարձուց մեր ժողովուրդին: Աստուածաշունչը տպագրելով` Ոսկան վարդապետ սոսկ տպագրական մարզին մէջ կարեւոր իրագործում մը չէր կատարեր, անոր հիմնական նպատակը մեր ժողովուրդը հրաւիրել էր Աստուածաշունչը կարդալէն ու ճանչնալէ ն անդին` զայն ապրելու: Հոս կը կայանայ խորունկ իմաստը Աստուածաշունչի տպագրութեան: Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան 350-ամեակը հոգեւոր արթնութեան կոչ մըն է մեր ժողովուրդի զաւակներուն` դառնալու Աստուածաշունչին, հաւատարիմ մնալու անոր ուսուցումներուն ու մեր կեանքին փոխադրելու անոր արժէքներն ու սկզբունքները: Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան 350-ամեակը մարտահրաւէր մըն է մեր ժողովուրդի զաւակներուն հոգեւոր ու բարոյական արժէքները մեր կեանքի լուսանցքին մղող ներկայ աշխարհի հոսանքներուն դիմաց Աստուածաշունչը ամրօրէն պահելու մեր անհատական թÕ § հաւաքական կեանքի մայր էջին վրայ»:

Իր խօսքի աւարտին, վեհափառ հայրապետը ներկաները իրազեկ դարձուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ կատարուող Աստուածաշունչի արեւմտահայերէն թարգմանութեան աշխատանքներուն. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը երեք տասնամեակներէ ի վեր ձեռնարկած է Աստուածաշունչի արեւմտահայերէնի թարգմանութեան այնքան հրամայական աշխատանքին: Արեւմտահայերէնի թարգմանութեան Նոր կտակարանը արդէն իսկ հրատարակուած է շուրջ երկու տասնամեակներ առաջ ու Հին կտակարանի թարգմանութեան աշխատանքը դրական ընթացքի մէջ է: Հետեւաբար, Աստուածաշունչի առաջին տպագրոթեան 350-ամեակին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր ժողովուրդին կը ներկայանայ Ոսկան վարդապետին կողմէ կատարուած հսկայ աշխատանքին նման նուիրական գործ մը կատարած ըլլալու արդար հպարտութեամբ»:

Հայ գիրքի համահայկական 37-րդ ցուցահանդէսի բացումը վերջ գտաւ դպրեվանքի սաներուն կողմէ ազգային երգերու եւ հայրապետական մաղթերգի երգեցողութեամբ: Ապա, ներկաները առիթը ունեցան հաղորդակից դառնալու ներկայացուած գիրքերուն ու հայաբոյր հատորներուն:

Հայ գիրքի 37-րդ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 20 նոյեմբեր 2016` ընդունելու համար հայ երիտասարդութիւնը, դպրոցական աշակերտներն ու գիրի եւ գրականութեան սէր ունեցող հանրութիւնը` ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00»:

AraratBank: A New Rhythm of Life for Children with Hearing ImpairmentsUcom Is the Technology Partner of the Street Ball Armenia Cup 2026 Idram and Glovo Sign Memorandum of Cooperation in BarcelonaTop Travel Destinations of 2026: IDBank Ucom and Impact Hub Yerevan Continue Supporting the Development of Green Startups in Armenia Moody's Ratings affirms Unibank’s B1 ratings with a stable outlook''Do not trust your eyes’’: IDBank warns about fraud using deepfakes Up to 30% idcoin at pools: Idram&IDBankMoody’s Reaffirms ZCMC’s B2 Credit Rating with Stable Outlook ''Teach For Armenia'' is the June beneficiary of the ''Power of One Dram'' Firebird and the Government of Kazakhstan Sign Strategic Agreements to Advance National AI Infrastructure IDBank issued the 4th and 5th tranches of bonds of 2026 Financial Literacy Training for Young Chess Players: Idram & IDBankWildberries and Unibank in Armenia Launch Installment Purchase ServiceZCMC Joins the United Nations Global Compact Ucom Launches uPlay Cinema: Hundreds of Movies for a Single Monthly Fee From Small Steps to Big Changes: “The Power of One Dram” Turns 6Junius is back — with a new tournament and valuable prizes Ameriabank and FMO Sign EUR 120 Million Agreement to Support MSMEs and Advance Green Finance in Armenia International Children’s Day with EU and “Armenian Virtuosos”There is widespread FEAR [in Armenia] — Ex-Defense Minister Arshak Karapetyan Firebird’s AI Megaproject Enters Final Stage of Phase One Construction0% Commission on Leveraged Share Purchases via the ARARATBANK Trading PlatformCustomer Appreciation Day in Gyumri: IDBankSolis CJSC, managed by Amber Capital and combining a portfolio of solar power plants, issues bonds Ucom General Director Ralph Yirikian Participated in a Panel Discussion at RISE Powered by Silicon Mountains Simple Talks: A Fresh Take on Finance with AraratBank Ameriabank Won in 4 Categories at AMX Awards 2026Idram Becomes a Partner of “Little Mher”Unibank has launched instant transfers by phone number Unisport Crowned Armenian Futsal Premier League ChampionOn May 30, "Unisport" will compete for the title of the Armenian championWith IDBank’s Support, Ian Gillan and Tony Iommi Awards Established at Gyumri Music School No. 6An unforgettable day instead of toys: June 1st guide from Idram&IDBankUnibank Issues Perpetual Bonds with a 13.25% Annual Yield for Shareholders IDBank Presented It’s Vision for Social Responsibility at Impacture 2026Unibank will not increase fixed-adjustable interest rates on loans secured by real estate Ucom General Director Ralph Yirikian Participated in the Impacture 2026 Conference“We are switching you to 5G, type a command”: IDBank warns about a fraud disguised as a “network update”Ucom and staff.am Bring Together Armenia’s Business Leaders at Executive Offsite Vol.1 Ameriabank and ADB Signed a $100 Million Agreement to Expand Micro, Small, and Medium-Sized Enterprise and Green Finance in ArmeniaLove Is… card from Unibank can win a trip to Paris Learn by Playing. A Series of Financial Literacy Games with Idram, IDBank and “Novosti-Armenia”Ucom and the Microsoft Innovation Center Collaborate on Cybersecurity EducationUnisport – Armenian Futsal Cup holderSummer starts with iced coffee, what if it brings bonuses too? Idram&IDBank AraratBank reduces loan interest rates for around 400 reliable SME customersTeam Holding Announces the Launch of the Third and Final Placement Phase of USD Bonds. Underwriter - Freedom Broker Armenia Unibank Launches Biometric Identification in UNIMobile App Unisport reaches the finals of the Futsal Armenian Cup and Premier League