Վեհափառ Հայրապետը այցելեց «Արամ Ա. Կաթողիկոս» հայագիտական հիմնարկ
ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹՅՈՒՆՍեղմեք ԱՅՍՏԵՂ, լրացրեք օնլայն հայտը և մոռացեք հոսանքի վարձի մասին
Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը այցելել է «Արամ Ա Կաթողիկոս» հայագիտական հիմնարկ։ Հայտնում են Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսությունից․
«Երկուշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2025-ին, նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան օրհնաբեր զոյգ տօներուն առթիւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր տարեկան այցելութիւնը շնորհեց «Արամ Ա. Կաթողիկոս» Հայագիտական Հիմնարկին: Սոյն այցելութեան առիթով ի մի հաւաքուած էին Հիմնարկի ուսուցչական կազմն ու ուսանողութիւնը:
Վեհափառ Հայրապետին ժամանումէն ետք, Հիմնարկի տնօրէն Ահարոն Շխրտըմեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ։ Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Հայրապետին՝ անոր պատուաբեր այցելութեան եւ Հիմնարկի գործունէութեան եւ դեռ իրագործելիք ծրագիրներներուն մշտական խրախուսանքին համար: Շխրտըմեան իր խորին շնորհակալութիւնը նաեւ յայտնեց ուսուցիչներուն՝ կրթական ծրագիրները հաւաքաբար յառաջ մղելու, միասնական ջանքով զարգացնելու եւ յաջողութեան հասցնելու համար։
Հուսկ, խօսքը Վեհափառ Կաթողիկոսին էր: Ան հայրաբար ողջունեց ներկաները՝ թէ՛ անձամբ ներկաները եւ թէ՛ առցանց հետեւողները։ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, թէ այս անգամ ան չ՚այցելեր որոշեալ նիւթի մը շուրջ դասախօսելու, այլ կը փափաքի լսել ուսանողութեան եւ ոսուցչական կազմին հարցադրումներն ու առաջարկները: Ան հարցումներ ընդունելէ առաջ ընդհանուր ակնարկով մը ներկայացուց սոյն Հայագիտական Հիմնարկին կարեւորութիւնը Սփիւռքի կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ պարզեց անկէ ակնկալիքները, մանաւանդ նկատի առնելով, որ ան բարձրացած է «Հիմնարկի» մը մակարդակին եւ կը կրէ «Արամ Ա. Կաթողիկոս» անունը:
Ապա, ուսանողներ եւ ուսուցիչներ Արամ Ա. Կաթողիկոսին ուղղեցին իրենց հարցումները, տեսութիւնները եւ առաջարկները: Վեհափառ Հայրապետը բոլորին պատասխանեց մանրամասնօրէն եւ խորքային տարողութեամբ՝ մեկնած իր կատարած ուսումնասիրութիւններէն եւ հարուստ փորձառութենէն:
Վերջաւորութեան, Հայարապետը բոլոր ներկաներուն իր բարեմաղթանքները փոխանցելէ ետք, շրջեցաւ «Խորէն Ա. Կեդրոն»ի զանազան բաժանմունքները:
Օրը անմահացաւ յիշատակի խմբանկարով մը»,- նշվում է հաղորդագրության մեջ:
Հետևեք մեզ՝ այստեղ



