Լիբանանի նախկին վարչապետը այցելել է Արամ Ա-ին
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՍեղմեք ԱՅՍՏԵՂ, լրացրեք օնլայն հայտը և մոռացեք հոսանքի վարձի մասին
Լիբանանի նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամը այցելել է Արամ Ա Վեհափառին․
«Այս առաւօտ` Ուրբաթ, 12 Դեկտեմբեր 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Հանրապետութեան նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամի։
Աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ մտերմիկ խօսակցութիւն կայացաւ Նորին Սրբութեան ու նախկին վարչապետին միջեւ։
Երկար տարիներէ ի վեր մօտէն ծանօթ ըլլալով իրարու, Հայրապետն ու նախկին վարչապետը Լիբանանի ու Միջին Արեւելքի առնչուած շարք մը հարցերու շուրջ իրենց անկեղծ տեսակէտերն ու մտահոգութիւնները բաժնեցին։
Նախկին վարչապետ Սալամ շնորհաւորեց Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին հայրապետական գահակալութեան երեսնամեակը՝ վեր առնելով անոր բերած կարեւոր նպաստը Լիբանանի, հայութեան եւ ընդհանրապէս միջ-կրօնական երկխօսութեան ծիրէն ներս»։
Հետևեք մեզ՝ այստեղ



