Սեղմեք ԱՅՍՏԵՂ, լրացրեք օնլայն հայտը և մոռացեք հոսանքի վարձի մասին
Հայ եկեղեցու Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոսությունը մասնակցել է միջեկեղեցական ձեռնարկերին․
«ա) 3-7 Սեպտեմբեր 2025-ին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուեցաւ «Ապրիլ Հաւատքը Այսօր» խորագրեալ գիտաժողովը՝ նուիրուած Նիկիոյ Տիեզերական Սուրբ Ժողովին 1700 ամեակին։ Յանուն հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնանցեցաւ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական բաժանմունքի պատասխանատուներէն Հոգեշնորհ Տ. Մովսէս Աբեղայ Եօսուլքանեան։ Ան ելոյթ ունեցաւ արեւելեան ուղղափառներու եւ արեւմտեան լատիններու աստուածաբանական ու եկեղեցաբանական կեցուածքները ներկայ թուային ժամանակաշրջանին մէջ թեմային շուրջ։ Ժողովականները առիթը ունեցան հանդիպում ունենանլու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հետ, ինչպէս նաեւ այցելելու Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր՝ Ծիծեռնակաբերդ, Խոր Վիրապ եւ Սուրբ Գեղարդի Այրիվանք։
բ) 10-11 Սեպտեմբեր 2025-ին, Լիբանանի Ռապուէ շրջանի յոյն կաթոլիկ համայնքի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի գործակիցներու տարեկան ժողովը: Երկու օրերու վրայ տարածուած նիստերու ընթացքին քննարկուեցան բնութեան պահպանման, Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութեան եւ հասարակաց կեանքին մէջ գործօն դերակատարութիւն ունենալու, տարածաշրջանէն ներս բռնութեան չէզոքացման, միջ-եկեղեցական, ընկերային, մարդասիրական եւ տեղեկատուական մարզերուն առնչուած հարցեր: Նիստերու ընթացքին յանուն արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքին ելոյթ ունեցաւ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական բաժանմունքի պատասխանատուներէն Հոգեշնորհ Տ. Մովսէս Աբղ. Եօսուլքանեան՝ նիւթ ունենալով «Քրիստոնեաներու Ներկայ Իրավիճակը»: Հայր սուրբը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Խորհուրդին միջոցաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու միջեւ գործակցութեան բարգաւաճման:
գ) 11 Սեպտեմբեր 2025-ին, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը իր ժողովական աշխատանքները եզրափակեց Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի մէջ, ուր միաժամանակ նշուեցան Խորհուրդին 50 եւ Հայկազեան համալսարանի հիմնադրութեան 70 ամեակները։ Համախմբումի ընթացմին լոյս սփռուեցաւ Նիկիոյ Տիեզերական Սուրբ Ժողովի 1700 ամեակին քրիստոնեաներուն դիմագրաւած դժուարութիւններու ու մարտահրաւէրներուն վրայ: Համալսարանի նախագահ Վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեանի հրաւէրով, նիստին ներկայ գտնուեցան Խորհուրդի գործադիր վարչութեան լիբանանաբնակ անդամները: Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին յիշեալ հանդիպումին մասնակցեցան Խորհուրդի գործադիր վարչութեան հայ եկեղեւոյ ներկայացուցիչները՝ Կաթողիկոսարանի միջ-կրօնական բաժանմունքի պատասխանատու Հոգեշնորհ Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան եւ Սէն Ժոզէֆ համալսարանի դասախօս դոկտ. Ժան Սալմանեան»։