Հայ դատի հանձնախումբը, չնայած մարտահրավերների, կանգուն մնաց հանուն Հայրենիքի
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՍեղմեք ԱՅՍՏԵՂ, լրացրեք օնլայն հայտը և մոռացեք հոսանքի վարձի մասին
ՀՅԴ Կանադայի Կենտրոնական կոմիտեի ներկայացուցիչ Խորեն Տիմիթյանի պատգամը՝ Տորոնտոյում և Մոնրեալում կայացած Հայ դատի հանձնախմբի նվիրահավաքին․
«ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Գանատայի Դաշնակցական ամբողջ ընտանիքի անունով՝ նախ եւ առաջ կ՚ուզեմ մեր խորին շնորհակալութիւնը յայտնել ձեր անվերապահ աջակցութեան եւ հետեւողական քաջալերանքին համար, որ եղած է եւ կը շարունակէ ըլլալ հիմնական մղիչ ուժը՝ մեր պայքարի գոյատեւման եւ աշխատանքներու յաջողութեան ի խնդիր։
Տասնամեակներ շարունակ, Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը՝ իր Օթթաուայի գրասենեակով եւ տեղական մարմիններով, եղած է Հայ Դատի համաշխարհային գործունէութեան եւ Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքահայութեան շահերու պաշտպանութեան կարեւորագոյն օղակներէն մին։ Որպէս այս իտէալներուն ու առաքելութեան նուիրուած կազմակերպութիւն՝ Հայ Դատի մեր յանձնախումբերը ամէն ճիգ ի գործ դրած են՝ առաջ մղելու մեզ բոլորս յուզող քաղաքական եւ մարդասիրական հարցերը՝ զանոնք արհեստավարժ կերպով լսելի դարձնելով գանատական քաղաքական բեմին վրայ։
Սակայն այս ամբողջ նուիրումին ետին կանգնած էք դուք՝ սիրելիներ։ Առանց ձեր կամաւոր նուիրումին, նիւթական աջակցութեան եւ բարոյական նեցուկին՝ դժուար է պատկերացնել, որ կարենայինք ձեռք բերել այն յաջողութիւնները, որոնց հիման վրայ այսօր կը կերտենք ապագայի մեր հաւաքական տեսլականը։
Անցնող տարիները դժուար ու բախտորոշ եղան։ Սակայն՝ ձեր աջակցութեան շնորհիւ, մեր յանձնախումբերը շարունակեցին մնալ առաջին գիծին վրայ՝ իրագործելով իրենց կարելին եւ անկարելին՝ պաշտպանելու համար մեր հաւաքական իրաւունքները եւ բարձրաձայնելով այն բոլոր հարցերը, որոնց շուրջ ամբողջ աշխարհը լուռ մնաց։
Շնորհիւ մեր մարմիններու եւ յանձնախումբերու հետեւողական աշխատանքին, հայ դատի պայքարը Գանատայի մէջ հասցուցինք նոր բարձունքներու՝ արձանագրելով բազմաթիւ քաղաքական եւ դիւանագիտական նշանակութեան ձեռքբերումներ, որոնք անմիջական ազդեցութիւն ունեցան Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան, Գանատա–Հայաստան յարաբերութիւններու զարգացման, Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան արդար յիշատակման, ինչպէս նաեւ ժողովրդային կարծիքի ձեւաւորման։
Սակայն, այս բոլոր ձեռքբերումները մեզի չեն կրնար ձեռնածալ պահել։ Մեր առջեւ տակաւին բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կան, ինչպէս նաեւ մեր աշխատանքը ընդլայնելու եւ զարգացնելու յստակ պահանջք ու պարտաւորութիւն։
Նախորդ տարիներու հանգանակային արշաւները՝ ձեր նուիրումին շնորհիւ, արձանագրեցին նշանակալի յաջողութիւններ եւ ստեղծեցին աւելի նպաստաւոր պայմաններ մեր գործունէութեան զարգացման համար։
Այս բոլորին կողքին, Հայ Դատի սեփականութիւնը հանդիսացող Օթթաուայի շէնքը, որ ձեր աջակցութեամբ իրականութիւն դարձաւ, մեզի համար ստեղծած է նիւթական մեծ հնարաւորութիւններ՝ կարեւորագոյն մուտքեր ապահովելով Օթթաուայի մէջ մեր ընթացիկ գործունէութեան զարգացման եւ ընդլայնման համար։
Այս ուղղութեամբ ձեր նիւթական աջակցութիւնը ունեցաւ եւ կը շարունակէ ունենալ կենսական դերակատարութիւն, որ նաեւ թոյլ կու տայ մեզի ստեղծել նոր հնարաւորութիւններ եւ ծրագիրներ։
Այս հանգանակութեան ընթացքին գոյացած գումարը պիտի նպաստէ՝
_ Օթթաւայի մէջ Internship ծրագիրի մը մեկնարկին՝ պատրաստելու համար Հայ Դատի նոր սերունդի գործիչներ, որուն մեկնարկը պիտի կատարուի այս ընթացիկ խորհրդարանկան նստաշրջանին։
_ Օթթաւայի գրասենեակի երկարամեայ տնօրէն՝ ընկ. Ռուբէն Գույումճեանի անուան կրթաթոշակի հաստատման, որուն մեկնարկը պիտի կատարուի 2025 թուականի համալսարանական վերամուտի ընթացքին։
_ Հայ Դատի նոր առցանց «Action Platform»-ի մը ստեղծման, որուն միջոցաւ հրատապ հարցերու շուրջ գանատահայութիւնը պիտի կարողանայ աւելի հեշտութեամբ կապ հաստատել իր խորհրդարանական եւ կառավարական ներկայացուցիչներուն հետ՝ ՛՛ելեկտրոնային նամակներու կամ հեռաձայնի միջոցաւ։
Սիրելիներ, մենք ոչ մէկ ջանք պիտի խնայենք՝ արդարացնելու համար ձեր ունեցած վստահութիւնը եւ բարձր ճակատով պիտի դիմագրաւենք մեզի պարտադրուած մարտահրաւէրները՝ միշտ կանգուն մնալով, յանուն Հայրենիքին ու Հայ Դատին։
Անգամ մը եւս, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Գանատայի դաշնակցական ամբողջ ընտանիքի անունով՝ մեր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնենք ձեզմէ իւրաքանչիւրին՝ ձեր շարունակական նիւթական եւ բարոյական աջակցութեան համար՝ յանուն մեր յաւերժական եւ անվախճան նպատակներու իրականացումին։
Շնորհակալութիւն բոլորիդ, եւ ձեր վարձքը կատար»։
Հետևեք մեզ՝ այստեղ




















































