Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսության դարավոր ուխտն է հավատարիմ մնալ Սուրբ Աթոռին․ Արամ Ա Հայրապետ
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՍեղմեք ԱՅՍՏԵՂ, լրացրեք օնլայն հայտը և մոռացեք հոսանքի վարձի մասին
Արամ Ա Վեհափառ հայրապետի գլխավորությամբ ավանադական պտղասեղան է մատուցվել Դպրեվանք հարկի տակ, հայտնում են Կաթողիոկոսության մամուլի ծառայությունից։
«Դպրեվանքի բարեյաջող կրթական-ուսումնական տարուան աւարտին եւ Դպրեվանքի ամավերջի հունձքին առիթով, տարիներու աւանդութիւն դարձած է սիրոյ սեղանի մը շուրջ համախմբուիլ, որ աւանդաբար կը կոչուի պտղասեղան՝ հայրապետ, Միաբանութիւն ու Դպրեվանք միասնաբար տօնախմբելու Դպրեվանքի յաջողութիւնը։
7-8 Յունիս 2025-ին, Մայրավանքին մէջ կատարուեցաւ կուսակրօն քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում։ Արդարեւ, Կիրակի 8 Յունիսին, Դպրեվանքի մէջ կազմակերպուեցաւ վերոյիշեալ աւանդական պտղասեղանը, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ներկայութեամբ տէր եւ տիկին Վիգէն եւ Ովսաննա Քէսմէեան բարերար ամոլին եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերու, Դպրեվանքի ուսուցչական կազմին, տիկնաց յանձնախումբին ու դպրեվանեցիներուն։
Օրուան թամատայութիւնը կատարեց Դպրեվանքի հսկիչներէն Հոգշ. Տ. Ազատ Աբղ. Ֆիլիքեան, որ որդիական, երախտագիտական ու շնորհակալական խօսքեր արտասանելու հրաւիրեց հոգեւորականներ ու աշխարհականներ։ Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ Դպրեվանքի տեսուչ Գերպ. Տ. Պարոյր Ծ. Վրդ. Շէրնէզեան։ Ան իր որդիական շնորհակալութեան զգացումները արտայայտեց Վեհափառ Հայրապետին, որ ինչպէս իւրաքանչիւր տարեշրջանի, այս տարի եւս Նորին Սրբութիւնը իր անմիջական հոգատարութիւնն ու գուրգուրանքը չզլացաւ Դպրեվանքին հանդէպ։ Հայր սուրբը յիշեցուց ու ընդգծեց Դպրեվանքին տուն ըլլալու իրողութիւնը եւ կարեւորեց անոր ուսերուն վրայ դրուած ազգային ծանր պարտականութիւնը՝ մարդուժի մատակարարում մեր եկեղեցւոյ, Հայրենիքին ու ժողովուրդին։ Վերջապէս, յանուն տեսչութեան, ուսուցչական կազմին ու դպրեվանեցիներուն, տեսուչ հայր սուրբը շնորհաւորեց Վեհափառ Հայրապետին կաթողիկոս ընտրութեան ու օծման 30 ամեակը եւ նորանոր նուաճումներով բեղուն ծառայութիւն մաղթեց անոր։
Գեղեցիկ այլ աւանդութիւն մը եւս կայ Կիլիկեան ուխտեալ Միաբանութեան կեանքին մէջ, որն է «բենիամինութեան փոխանցում»ը։ Ազատ աբեղան, որպէս կրտսերագոյնը Միաբանութեան, «բենիամինութիւն»ը փոխանցեց Յունուար 2025-ին միաբանական շարքերը անցած Հոգշ. Տ. Աբրահամ Աբղ. Ճուլֆայեանի, որ, իր կարգին, զայն փոխանցեց նորաօծ Հոգշ. Տ. Դաւիթ Աբղ. Ասայեանի։ Երեք հոգեւոր հայրերը իրենց սիրտի խօսքին մէջ հաստատեցին իրենց ուխտին եւ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դարաւոր ու պատմական Սուրբ Աթոռին հաւատարիմ մնալ։
Պտղասեղանի աւարտին ներկաներուն իր օրհնութեան խօսքը յղեց Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսը։ Որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հաւատարիմ զաւակներ, իւրաքանչիւրս պարտաւոր ենք երախտապարտ ըլլալ եւ ե՛նք մեր Դպրեվանքին, որովհետեւ ինչ որ ենք, ուր որ ենք, ինչ դիրքի վրայ որ ենք կը պարտինք անոր, հաստատեց Վեհափառ Հայրապետը։ Ինչպէս յաճախ շեշտած եմ ու ընդգծած, մեզի համար սովորական գիշերօթիկ, վարժարան կամ ուսումնարան չէ ու երբեք չէ եղած Դպրեվանքը. անիկա միտք հարստացնող, ոգի փոխանցող ու կամք պրկող դարբնոց եղած է ու է, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։ Դպրեվանքին մէջ կրթութիւն ու ուսում ջամբելու կողքին, դպրեվանեցիին մէջ կ՚արծարծենք Աստուծոյ հանդէպ հաւատքը եւ մեր Հայրենիքին ու ժողովուրդին ծառայելու պատրաստակամութիւնը։ Մենք ա՛յս գիտակցութեամբ ուռճացանք Դպրեվանքին մէջ եւ նո՛յն գիտակցութեամբ նո՛յնը կը փոխանցենք նոր սերունդներուն, շեշտեց Հայրապետը։ Վերջապէս, ան շնորհաւորեց Դպրեվանքը եւ Կիլիկիեան ուխտեալ միաբան հայրերը, որ վերջին շրջանին միաբանական շարքերուն եկան միանալու երեք նոր ոյժեր, որոնք անթիլիասական ոգիով ու ծառայելու յատուկ եղանակով, իրենց լուման պիտի դնեն մեր ծառայութեան հաւաքական գանձանակին մէջ»։
Հետևեք մեզ՝ այստեղ




















































