Հունաստանի ՊՆ նախարարը ճաշկերույթ է կազմակերպել՝ ի պատիվ Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետի
ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹՅՈՒՆ
Սեղմեք ԱՅՍՏԵՂ, լրացրեք օնլայն հայտը և մոռացեք հոսանքի վարձի մասին
Հունաստանի ՊՆ նախարարը ճաշկերույթ է կազմակերպել՝ ի պատիվ Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետի
Հունաստանի պաշտպանության նախարար Նիկոլաոս Դենդիասը ճաշկերույթ է կազմակերպել՝ ի պատիվ Արամ Ա Վեհափառ հայրապետի
Ուրբաթ, 30 Մայիս 2025-ի երեկոյեան, Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Տենիտաս, ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ճաշկերոյթ մը սարքեց, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Յունաստանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Եմիշեան եւ Հայրապետին պատուիրակութեան անդամները: Հաճելի մթնոլորտի մէջ փոխանակուեցան հայ համայնքին եւ ընդհանրապէս հայ ու յոյն ժողովուրդներուն առնչուած տեսակէտեր, տեղեկութիւններ ու հարցեր: Ճաշկերոյթի աւարտին պաշտպանութեան նախարարը Վեհափառ Հայրապետին յուշանուէր մը յանձնեց, իսկ Նորին Սրբութիւնը, իր կարգին, Կաթողիկոսարանի պաշտօնական քաթալոկը:
Նշենք, որ պաշտպանութեան նախարարը Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարն էր նախապէս եւ մօտէն ծանօթ է Հայաստանի ու Միջին Արեւելքի կացութեան:
Ճաշկերոյթէն առաջ, Վեհափառ Հայրապետին եւ պաշտպանութեան նախարարին միջեւ կայացաւ առանձին հանդիպում մը, որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ողջունելով Յունաստանի զօրակցութիւնը Հայաստանի ու Լիբանանի, ինչպէս նաեւ զինուորական օժանդակութիւնը, փափաք յայտնեց, որ յիշեալ երկու երկիրներու բանակներուն օժանդակութիւնը շարունակուի, նկատի ունենալով անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները: Նշելի է նաեւ, որ Արամ Ա. Կաթողիկոս թէ՛ Յունաստանի վարչապետին եւ թէ՛ պաշտպանութեան նախարարին փոխանցեց Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին ու վարչապետին կարգ մը սպասումներն ու գնահատականները:
Հետևեք մեզ՝ այստեղ




















































