Լիբանանում մեծ շուքով նշել են անկախության 73 ամյակը
ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹՅՈՒՆԼիբանանում մեծ շուքով նշվել է երկրի անկախության 73-րդ տարեդարձը: Այս մասին տեղեկացնում է Լիբանանում «Արմենպրես»-ի թղթակիցը: Ներկայացնում ենք հոդվածն ամբողջությամբ:
«Երկու տարի շարունակ Անկախութեան տօնին անշուք նշումէն եւ զինուորական տողանցքի բացակայութենէն ետք, երեքշաբթի, 22 նոյեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Կեդրոնական Պէյրութի Շաֆիք Ուազզանի անուան պողոտային վրայ մեծ շուքով նշուեցաւ Լիբանանի անկախութեան 73-ամեակը` գլխաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, ընթացաւարտ կառավարութեան վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի,
իշխանութեան նախկին պետերուն, որոնցմէ բացակայեցաւ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ, նախարարներու, երեսփոխաններու, տարբեր համայնքներու հոգեւոր պետերու, օտար դիւանագէտներու, տարբեր դեսպանատուներու զինուորական կցորդներու, բարձրաստիճան զինուորականներու, Լիբանանի մէջ գործող միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ յատուկ հրաւիրեալներու:
Տողանցքի վայրը նախ հասաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, որ պատուոյ պահակագունդին դիմաց ողջունեց զինուորական տողանցքին մասնակիցները, ապա եկաւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Սամիր Մուքպել, որուն յաջորդեցին Թամմամ Սալամ, Սաատ Հարիրի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի:
Նախագահ Աուն դիմաւորուեցաւ թնդանօթի 21 հարուածներով: Իր ժամանումէն ետք նախագահ Աուն ծաղկեպսակ մը զետեղեց անծանօթ զինուորի յուշարձանին` լիբանանեան քայլերգի եւ մահերգի նուագակցութեամբ: Ապա ան պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատարին ընկերակցութեամբ յատուկ ինքնաշարժով մը անցաւ տողանցքի պատրաստ միաւորներուն առջեւէն` ստուգելով անոնց պատրաստուածութիւնը: Անոր հետեւեցաւ բանակի հրամանատարը:
Ապա սփռուեցաւ կարճ ժապաւէն մը, որ պատրաստուած էր ողջունելու համար լիբանանցի երկու վաստակաւոր արուեստագէտներ Սապահի ու Մըլհեմ Պարաքաթի յիշատակը:
Ժապաւէնին ընդմէջէն հնչեցին նաեւ երկու հանգուցեալ երգիչներուն բանակին եւ Լիբանանին ձօնած երգերը:
Լիբանանի անկախութեան տօնակատարութեան շրջագիծին մէջ առաջին անգամ ըլլալով ելոյթ ունեցաւ Լիբանանեան համալսարանի երգչախումբը` խմբավարութեամբ Լոր Ապսի:
Երգչախումբը ներկայացուց ազգային երգերու շարք մը:
Այս արարողակարգին հետեւեցաւ տողանցքը, որուն ընթացքին բանակի տարբեր զօրասիւներուն եւ բաժանումներուն անդամ զինուորներ գունդ առ գունդ տողանցեցին` պատուոյ թրիպիւնին մէջ իրենց տեղերը գրաւած իշխանութեան չորս պետերուն եւ հիւրերուն դիմաց:
Տողանցքին մասնակցեցան նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու, ընդհանուր ապահովութեան սպասարկութեան, մաքսատնային ոստիկանութեան եւ ապահովական այլ կառոյցներու զօրաբաժանումներու անդամներ եւ աշխատակիցներ:
Տողանցքին աւարտին, բանակին շեփորախումբը իր կարգին քալեց պատուոյ թրիպիւնին առջեւէն եւ տողանցքը հասաւ իր աւարտին:
Նշենք, որ Անկախութեան տօնին առիթով պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Սամիր Մուքպել ծաղկեպսակ մը զետեղեց նախարարութեան մուտքին գտնուող Էմիր Ֆախրէտտինի յուշարձանին, իսկ զօր. Քահուաժի Եարզէի մէջ ծաղկեպսակ մը զետեղեց բանակի նահատակներուն յուշարձանին»:



